Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պեքայի Մէջ. Արեւելեան Լեռնաշղթայի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Օդային Յարձակումներ

October 24, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան օդուժը երէկ կէսօրին Պեքայի մէջ Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթայի վրայ գործեց իրերայաջորդ բուռն յարձակումներ:

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի պնդեց. «Օդուժի օդանաւերը քիչ առաջ Պեքայի շրջանին մէջ յարձակումներ գործեց Հըզպալլայի շարք մը թիրախներու վրայ, որոնց շարքին է Հըզպալլայի անդամներու մարզման համար ճամբար մը, ուր կուսակցութեան անդամներ նկատուեցան»:

«Հըզպալլան ճամբարը օգտագործեց իր անդամները մարզելու եւ վերապատրաստելու համար, բանակի ուժերուն ու Իսրայէլի դէմ ծրագիրներ մշակելու եւ ծրագիրներու գործադրութեան հսկելու նպատակով», ըսաւ ան` նշելով. «Մարզումներու եւ վերապատրաստման ծիրին մէջ կուսակցութեան անդամները մարզուեցան կրակոցի եւ տարբեր տեսակի մարտական միջոցներու օգտագործման վրայ»:

«Բանակը նաեւ յարձակում գործեց Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի թիրախահար հրթիռներու արտադրութեան համար օգտագործուող ենթակառոյցներու, ինչպէս նաեւ Շըրպին շրջանին մէջ Հըզպալլայի զինուորական դիրքին ենթակառոյցին դէմ», նշեց Ատրահի:

Իսրայէլեան յարձակումներու հետեւանքով Ժանթայի մէջ արձանագրուեցաւ զոհ մը, այլ զոհ մըն ալ արձանագրուեցաւ Շմըսթարի մէջ:

Իսրայէլեան օդուժը աւելի ուշ նաեւ յարձակում գործեց Հերմելի գիւղական շրջաններուն վրայ:

 

Նախորդը

Իզզէտտին. «Դիմադրութիւնը Պիտի Շարունակէ Գոյատեւել»

Յաջորդը

Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.