Լիբանանեան

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ կէսօրին ընդդունեց Միջին Արեւելքի հարցով ամերիկացի պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըսը, որուն կ՛ընկերակցէր Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան գործավար Քիթ Հանենկանը եւ դեսպանատան քաղաքական խորհրդատու Մեթիու Թութիլոն: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան երկրին ընդհանուր կացութիւնն ու այն քայլերը, որոնք պէտք է որդեգրուին հարաւային Լիբանանի մէջ հանդարտութեան եւ կայունութեան վերականգնման համար: Հանրապետութեան նախագահը անհրաժեշտ նկատեց թշնամական արարքներու դադրեցման յանձնախումբի` Մեքանիզմի...

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական  Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթը, որուն հետ հանդիպումին ընթացքին անդրադարձաւ արագ զարգացումներու լոյսին տակ շրջանին մէջ տիրող կացութեան, արձանագրուող իրադարձութիւններուն նկատմամբ Լիբանանի դիրքորոշումին եւ Իսրայէլի յարձակումներու դադրեցման համար արաբական ու բարեկամ երկիրներու հետ իր թափած ջանքերուն: Ապուլ Ղէյթ հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Լիբանան այցելութեանս պատճառը մասնակցիլն է երկու...

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց  Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ օրինաթիւի չգոյացման պատճառով խորհրդարանի նիստը փակեց: Արդարեւ, խորհրդարանի ժողովասրահ հասած էին 128 երեսփոխաններէն 63-ը: Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը, Փաղանգաւոր կուսակցութիւնն ու շարք մը երեսփոխաններ յայտարարած էին, թէ պոյքոթի կ՛ենթարկեն նիստը` ընտրական օրինագիծի առաջարկը օրակարգին վրայ չներառելու պատճառով: Խորհրդարանը երէկ Նեպիհ Պըրրիի հրաւէրով կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին պիտի գումարէր լիագումար նիստ մը` շարունակելու քննարկումը ծրագիրներու եւ առաջարկուած...

«Լիբանանեան Բանակը Հըզպալլայի Մեծաթիւ  Զինապահեստանոցներ Պայթեցուց»  Կը Գրէ «Ռոյթըրզ»

«Լիբանանեան Բանակը Հըզպալլայի Մեծաթիւ Զինապահեստանոցներ Պայթեցուց» Կը Գրէ «Ռոյթըրզ»

Լիբանանեան բանակը Հըզպալլայի մեծաթիւ զինապահեստանոցներ պայթեցուց, այնքան մը, որ անոր մօտ գտնուող ականները սպառեցան: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` մէջբերելով երկու աղբիւրներ: Ապահովական աղբիւր մը եւ լիբանանցի պաշտօնատար մը լրատու գործակալութեան նշած են. «Ականներու սակաւութիւնը, որուն մասին նախապէս տեղեկութիւններ չհաղորդուեցան, արգելք չեղան, որ բանակը արագացնէ հարաւային Լիբանանի մէջ պահուած զէնքերու որոնման առաքելութեան կշռոյթը»: Լաւատեղեակ երկու այլ պաշտօնատարներ յայտնած...

Եգիպտական Հետախուզութեան Պետին Հետ  Հանդիպումի Ընթացքին.  Աուն. «Լիբանան Իսրայէլեան Յարձակումներու  Դադրեցման Եւ Կայունութեան Վերականգնման  Օգնելու Որեւէ Ջանք Կ՛ողջունէ»

Եգիպտական Հետախուզութեան Պետին Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Աուն. «Լիբանան Իսրայէլեան Յարձակումներու Դադրեցման Եւ Կայունութեան Վերականգնման Օգնելու Որեւէ Ջանք Կ՛ողջունէ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց եգիպտական ընդհանուր հետախուզութեան պետ, նախարար Հասան Մահմուտ Ռաշատն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Հասան Շուքէյրի եւ բանակի գաղտնի սպասարկութեան տնօրէն գնդապետ-զօրավար Անթուան Քահուաժիի: Ռաշատ նախագահ Աունի փոխանցեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի ողջոյններն ու Լիբանանը դէպի ապահով ափ առաջնորդելու մէջ յաջողութեան մաղթանքները: Հանդիպումի...

Ըստ «Իսրայէլ Հայոմ»-ի.  «Եթէ Լիբանանեան Կառավարութիւնը Չկարենայ  Հըզպալլան Զինաթափել, Կուսակցութեան Դիրքերուն  Դէմ Կեդրոնացուած Գործողութիւն Մը Անխուսափելի Է»

Ըստ «Իսրայէլ Հայոմ»-ի. «Եթէ Լիբանանեան Կառավարութիւնը Չկարենայ Հըզպալլան Զինաթափել, Կուսակցութեան Դիրքերուն Դէմ Կեդրոնացուած Գործողութիւն Մը Անխուսափելի Է»

Իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը երէկ պաշտօնատարներու խօսքեր մէջբերելով հաղորդեց. «Եթէ լիբանանեան կառավարութիւնը չկարենայ զինաթափում կատարել, ապա կուսակցութեան (Հըզպալլայի, «Ա.») թիրախներուն դէմ կեդրոնացուած գործողութիւն մը անխուսափելի է»: «Գնահատումներու համաձայն, Հըզպալլան միայն 10 հազար հրթիռ ունի, բաղդատմամբ վերջին պատերազմի նախօրեակին անոր ունեցած շուրջ 120 հազարին», նշեց օրաթերթը: Իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Թել Աւիւի համալսարանի փոխնախագահ եւ Միջին Արեւելքի հարցերու մասնագէտ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Պէյրութի մէջ լաւատեղեակ կողմեր ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաքէն ստացած են հետեւեալ պատգամը. «Ասիկա Լիբանան իմ վերջին այցելութիւնս պիտի ըլլայ: Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամին պիտի ըսեմ, որ իրենց առջեւ ունին վերջին առիթ մը. կա՛մ դասը կը սորվին եւ կ՛որոշեն Հըզպալլայի զինաթափման ժամանակացոյց եւ մեքանիզմ մշակելու համար Միացեալ...

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Խորհրդարանը այսօր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւէրով կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին պիտի գումարէ լիագումար նիստ մը` շարունակելու քննարկումը ծրագիրներու եւ առաջարկուած օրինագիծերու, որոնք 29 սեպտեմբեր 2025-ի նիստի օրակարգին վրայ կը գտնուէին: Հզօր հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքը կիրակի գիշեր յայտարարեց, թէ կտրուկ կերպով որոշած է պոյքոթի ենթարկել այսօրուան նիստը, որովհետեւ անոր մասնակցութիւնը կը նշանակէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի բռնապետութեան ենթարկուիլ, ինչպէս նաեւ...

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան եւ Ազատագրում ու բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքներէն պատուիրակութիւն մը ընդունելուն ընթացքին յայտնեց. «Այն, ինչ որ կը շեշտեմ, ընտրութիւնները յառաջիկայ մայիս ամսուն` իրենց սահմանադրական ժամկէտին կատարելն է, եւ արտերկրի լիբանանցիները իրաւունք ունին լիբանանեան քաղաքական կեանքին մասնակցելու, որովհետեւ անոնք միայն իրենց ընտանիքներուն նիւթական օգնութիւն ցուցաբերելու համար չեն, այլ իրաւունք ունին իրենց երկրի ապագային վերաբերեալ...

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Վատիկանի մամլոյ գրասենեակը յայտարարեց Թուրքիոյ մէջ Նիկիոյ ժողովի 1700-ամեակի նշման մասնակցելէն ետք Լեւոն ԺԴ. պապին 30 նոյեմբերէն 2 դեկտեմբեր երկարող եռօրեայ այցելութեան ծրագիրը: Պապը կիրակի, 30 նոյեմբերի կէսօրէ ետք ժամը 3:45-ին պիտի հասնի Պէյրութի միջազգային օդակայան, մէկ ժամ ետք հանդիպում պիտի ունենայ հանրապետութեան նախագահին, ժամը 5:15-ին` խորհրդարանի նախագահին, ժամը 5:30-ին վարչապետին, իսկ 6:00-ին` իշխանութիւններուն, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն եւ դիւանագիտական անձնակազմին...

Ըստ «Նաշրա»-ի.  Եգիպտոս Կ՛ուզէ Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Միջնորդութիւն Կատարել

Ըստ «Նաշրա»-ի. Եգիպտոս Կ՛ուզէ Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Միջնորդութիւն Կատարել

Արաբական լաւատեղեակ աղբիւրներ «Նաշրա» կայքին յայտնեցին, որ եգիպտական հետախուզութեան պետ հազարապետ-զօրավար Հասան Ռաշատ, որ այսօր Լիբանան կ՛այցելէ, կը փորձէ շրջանային կարգաւորումներ գոյացնելու Գահիրէի դերակատարութիւնը ամրագրել, մասնաւորաբար Լիբանանի դէմ իսրայէլեան պատերազմի ընդլայնումը կանխարգիլելու համար: Ըստ աղբիւրներուն, ան կը փափաքի առաջարկել լուծումի ծրագիր մը, որ Կազայի մէջ Եգիպտոսի փորձառութիւնը կը կրկնէ` Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ միջնորդի դեր խաղալով: Աղբիւրներու կարծիքով, եգիպտական փորձը...

Եգիպտոսի Դեսպանը Այցելեց Նախագահ Աունի

Եգիպտոսի Դեսպանը Այցելեց Նախագահ Աունի

Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա երէկ կէսօրէ առաջ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ ժողովը «կարեւոր  էր» եւ առիթ մը եղաւ ներկայացնելու շրջանի զարգացումներուն վերաբերեալ Եգիպտոսի գնահատումը, մասնաւորաբար Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութենէն եւ անոր հետեւող զարգացումներէն ետք: Մուսա ըսաւ, որ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած է Լիբանանի մէջ կացութիւնը, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի «իսրայէլեան...

Պայրագտարեան Ընդունեց Նետերլանտներու Դեսպանը

Պայրագտարեան Ընդունեց Նետերլանտներու Դեսպանը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Նետերլանտներու դեսպան Ֆրանք Մոլընը, որուն կ՛ընկերակցէին երիտասարդութեան, աշխատանքի եւ կրթութեան հարցերով դեսպան Ժուրիան Միտլհոֆն ու դեսպանական քաղաքական հարցերու առաջին պատասխանատու Ալեն Ուաքետ: Մոլըն եւ Միտլհոլֆ ներկայացուցին վերջինիս դերն ու առաքելութիւնը` իբրեւ նշեալ ոլորտներուն հետ կապի եւ համակարգումի պատասխանատու: Նախարարը ներկայացուց այն ծրագիրները, զորս նախարարութիւնը կատարած է կամ...

Շէյխ Քասեմ. «Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարել, Յետաձգումը Անօգուտ Է»

Շէյխ Քասեմ. «Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարել, Յետաձգումը Անօգուտ Է»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար ընտրուելուն միամեակին առիթով «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը շարունակ կ՛առողջանայ, այդ առողջացումը պիտի շարունակուի, բան մը, որ պէտք է շատ հաստատ ու ծանօթ ըլլայ: Ան աւելցուց. «Երբ կ՛ըսենք պատրաստ ենք, ապա մենք պատրաստ ենք պաշտպանելու, եւ ոչ թէ յարձակում շղթայազերծելու, եւ կռիւի նախաձեռնելու որոշում չունինք, սակայն եթէ...

ՖԻՆԻՒԼ-Իսրայէլեան Ուժեր Լարուածութիւն

ՖԻՆԻՒԼ-Իսրայէլեան Ուժեր Լարուածութիւն

ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին, թէ կիրակի երեկոյեան շուրջ ժամը 5:45-ին իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը մօտեցած է Քֆարքիլա գիւղին մէջ պարեկութիւն կատարող ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժի մը եւ ձայնային ռումբ նետած, ապա քանի մը վայրկեան ետք իսրայէլեան հրասայլ մը այդ ուժին ուղղութեամբ կրակ բացած է, «բարեբախտաբար ՖԻՆԻՒԼ-ի անդամներու կամ անոնց սարքերուն որեւէ վնաս չէ հասած»: Հաղորդագրութիւնը նշեց, որ ատկէ առաջ...

Պասիլ. «Իսրայէլի Հետ Ուղղակի Բանակցութեան Մէջ Խնդիր Չկայ»

Պասիլ. «Իսրայէլի Հետ Ուղղակի Բանակցութեան Մէջ Խնդիր Չկայ»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Մենք կը գտնուինք շրջանի մը մէջ, որ ամբողջութեամբ կը ցնցուի, եւ բեմագրութիւնները համապարփակ լուծման եւ պաղ խաղաղութեան միջեւ են: Պաղ խաղաղութիւնը ժամանակաւոր լուծում է, որուն դիմաց կայ պատերազմի իսկական վտանգը, եւ գործնականին մէջ ներկայիս պատերազմը կայ, սակայն այս բեմագրութեան վտանգը կը կայանայ անոր մէջ, որ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- «ՀԱՏԱՍ» պատկերասփիւռի կայանի աղբիւրները կը հաղորդեն, թէ ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըս այսօր հանդիպում պիտի ունենայ նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ եւ պիտի մասնակցի Նաքուրայի մէջ «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի ժողովին: - ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըս լիբանանցի պաշտօնատարներուն պիտի ներկայացնէ իսրայէլացիներուն հետ «զէնքի մենաշնորհի եւ ուղղակի բանակցութեան վերաբերեալ Լիբանանի դիրքորոշման» շուրջ հաղորդակցութիւններուն արդիւնքները, ան կրնայ պաշտօնատարներուն մինչեւ շաբաթավերջ ժամանակ տալ...

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց. «Հակառակ վերջին զինադադարին համաձայնելուն, Իսրայէլ Կազայի կամ Լիբանանի մէջ թիրախներ հարուածելու համար ոեւէ մէկուն արտօնութեան կարիքը չունի»: «Իսրայէլ անկախ պետութիւն է: Պատրաստ չենք մեր վրայ յարձակումները հանդուրժելու: Յարձակումներուն կը հակադարձենք մեր պատշաճ դատած ձեւով: Ատիկա կատարելու համար ոեւէ մէկէն արտօնութիւն ստանալու չենք ձգտիր: Մեր անվտանգութեան տէրը մենք ենք», նշեց Իսրայէլի վարչապետը: «Իսրայէլ առանձինը պիտի որոշէ,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց. «Կառչած ենք մեքանիզմին, որ որդեգրուած է թշնամական արարքներու դադրեցման համաձայնութեան գործադրման հսկողութեան յանձնախումբին (Մեքանիզմ) մէջ, որ կը ներառէ բոլոր կողմերը, ինչպէս նաեւ ամբողջովին յանձնառու ենք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին, եւ ատկէ բացի ոչինչ ունինք»: Ան այս մասին յայտնեց «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին: «Ամէնէն կարեւորը ներքին կայութիւնն է, ինչպէս նաեւ Լիբանանի շահերը իրագործող...

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ շաբաթ օր յայտարարեց. «Այսօր առաւօտեան ուրախութիւնը ունեցայ հանդիպում ունենալու Լեւոն ԺԴ. պապին հետ եւ անոր շեշտեցի, թէ լիբանանցիները, իրենց տարբեր պատկանելիութիւններով, ուրախութեամբ կը սպասեն իր այցելութեան»: «Պապը վերահաստատեց իր կառչածութիւնը Լիբանանի իմաստին եւ գնահատեց  պաղեստինցի ժողովուրդին զօրակցիլը` անոր տառապանքին մէջ», ըսաւ վարչապետը: «Ես իմ կարգիս շեշտեցի, որ Լիբանանի հողային ամբողջականութիւնը, գերիշխանութիւնն ու ազատութիւնը իր բոլոր զաւակներուն իրաւունքն...

Page 80 of 986 1 … 79 80 81 … 986

Արխիւներ