Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քպէյսի. «Պետութեան Պատասխանատուութիւնը Լիբանանը Յարձակումներէն Պաշտպանելն Է, Եւ Ոչ Թէ` Թշնամիներուն Պայմանները Կրկնելը»

October 24, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպէյսի նշեց. «Այն, ինչ որ մեր հայրենիքին մէջ տեղի կ՛ունենայ, դժբախտաբար մեծ կարգախօսներ են, որոնք այս կամ այն ձեւով թշնամիին հռետորաբանութիւնը կը փոխանցեն: Եթէ Իսրայէլ պայմաններ կը ճշդէ եւ կ՛ըսէ, թէ կ՛ուզէ լիբանանեան բեմն ու Դիմադրութիւնը զինաթափել, մենք կը հասկնանք պետութեան վերականգնման պայմաններն ու անհրաժեշտ բաները:

«Մենք լաւապէս գիտենք ինչպէ՛ս պետութիւնը պահպանել, սակայն նախ եւ առաջ պէտք է պետութիւնը մեր երկրին վրայ սիոնական յարձակումներուն դիմաց իր պատասխանատուութիւններուն տէր կանգնի,  թշնամիներու լեզուով չխօսի եւ թշնամիներուն պայմանները մեզի չթելադրէ:

«Չի կրնար ըլլալ, որ Իսրայէլի վարչապետն ու Միացեալ Նահանգներու նախագահը Դիմադրութեան զէնքը վերացնելու կոչ ուղղեն ու պայմաններ ճշդեն, եւ լիբանանեան բեմին վրայ տեսնենք կարգ մը ղեկավարներ, որոնք նոյն խօսքերը եւ նոյն հռետորաբանութիւնը կը կրկնեն պետութեան վերականգնման վերնագիրին տակ», նշեց երեսփոխանը:

«Իրապէս Լիբանանի պաշտպանութիւնն ու պետութեան վերականգնումը ուզող հաւատարիմները պէտք չէ Իսրայէլի կարգախօսները կրկնեն եւ սիոնականներուն կեցուածքները գովեն: Դժբախտաբար այս գործելաոճը պետութեան կառուցման չի յանգեցներ, ո՛չ ալ այդ ձեւով կրնանք Լիբանանի գերիշխանութիւնը պահպանել:

«Մենք կը հաւատանք, որ գերիշխանութիւնը նախ եւ առաջ սահմանները պաշտպանելով պէտք է ըլլայ եւ յարգելով լիբանանեան սահմանադրութիւնն ու օրէնքները, որոնք նկատի կ՛ունենան եւ կը պաշտպանեն լիբանանեան հասարակութիւնը», ըսաւ Քպէյսի:

«Երեսփոխանական ընտրութիւնները ուժի մէջ եղող օրէնք մը ունին, ուստի ան, որ Լիբանանի նկատմամբ նախանձախնդիր է, պէտք է այս օրէնքը գործադրէ: Եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ըսածը այն է, որ այս օրէնքը գործադրելի է: Չենք ընդունիր, որ լիբանանցի ղեկավարներէն ու քաղաքագէտներէն ոեւէ մէկը թաքնուի հնչեղ կարգախօսներու ետին, որոնք անարժէք են», յայտնեց ան:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Իզզէտտին. «Դիմադրութիւնը Պիտի Շարունակէ Գոյատեւել»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.