Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

October 25, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ բացայայտեց իր ուղղակի դերակատարութիւնը Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի եւ անոր ղեկավարութեան դէմ յարձակումներուն, մասնաւորաբար փէյճըրներու պայթեցման մէջ, որուն գործադրութեան վերջնական որոշումը իր ձեռքը եղած է:

Թրամփ ամերիկեան «Թայմ» պարբերաթերթի հետ հարցազրոյցի ընթացքին` պատասխանելով հարցումի մը, յայտնեց. «Ինչպէս գիտէք, բոլոր այդ յարձակումները իմ հովանաւորութեամս եւ վերահսկողութեանս տակ տեղի ունեցան, եւ իրականութեան մէջ` ինծի հետ ուղղակի խորհրդակցութեամբ»:

«Գիտէք, որ Իսրայէլ կապի հաստատման կամ այդպիսի սարքեր օգտագործելով յարձակումներ գործեց: Անոնք զիս կը յարգէին: Զիս ամէն ինչէ տեղեակ պահեցին: Երբեմն կը մերժէի, եւ կը յարգէին որոշումս, սակայն Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պարաք Օպաման Իսրայէլի հետ չափազանց վատ վարուեցաւ», նշեց Թրամփ:

Սպիտակ տան ղեկավարը նաեւ անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի մէջ փոփոխութիւններուն եւ յայտնեց. «Կը կարծեմ, թէ մենք զայն իրողապէս վերաձեւաւորեցինք, եւ  հիմա ան գեղեցիկ կերպով կ՛աճի: Ուստի հարցումը հետեւեալն է` հետագային ի՞նչ տեղի պիտի ունենայ: Սակայն կրնամ  ըսել` տակաւին աւելի քան երեք տարի ունիմ: Ասիկա երկար ժամանակ է: Այնքան ատեն որ ես կամ, հարցերը միայն աւելի լաւ եւ հզօր պիտի ըլլան, եւ իտէալական պիտի ըլլայ: Լա՞ւ է: Հոյակապ պիտի ըլլայ: Իսկ, թէ ինձմէ ետք ի՞նչ պիտի պատահի՛ չեմ կրնար ըսել:

«Գիտէք, կրնաս վատ նախագահներ ունենալ: Եթէ վատ նախագահ մը գայ, կրնայ ամէն ինչ չափազանց դիւրին աւարտիլ: Կրնայ աւարտիլ: Ամէնէն կարեւորը այն է, թէ անոնք պէտք է յարգեն Միացեալ Նահանգներու նախագահը»:

«Միջին Արեւելքը պէտք է հասկնայ այս մէկը, եւ` կը հասկնան: Եթէ Քաթար երթամ, եթէ Սէուտական Արաբիա երթամ, եթէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ երթամ, եւ ասոնք երեք մեծագոյն երկիրներն են, բոլորն ալ կը յարգեն (Միացեալ Նահանգներու) նախագահը, եւ եթէ նախագահը չյարգեն, ատիկա աւելի նախագահին կը վերաբերի,  քան երկրին: Կը հասկնա՞ս: Եթէ նախագահը չյարգեն, եւ եթէ նախագահ մըն է, որ ըրածը չի գիտեր, ամէն ինչ կրնայ տապալիլ: Իսկ եթէ նախագահը կը յարգեն, ապա գեղեցիկ ու երկարատեւ խաղաղութիւն մը պիտի ըլլայ», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

Թրամփ նաեւ շեշտեց, որ Իսրայէլ ոչինչ պիտի ընէ Այսորյորդանանի նկատմամբ: Ան նշեց, թէ Իսրայէլ լաւապէս կը գործէ եւ Այսրյորդանանի կապուած բան պիտի չընէ:

 

Նախորդը

Պիտի Շարունակենք Լիբանանեան Պետութեան Ու Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ», Կ՛ըսէ Պլասխարթ

Յաջորդը

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.