Հակառակ Մուսթաքպալ հոսանքի անդամ մէկէ աւելի երեսփոխաններու հերքումին, իրազեկ աղբիւրներ շաբաթավերջին վերահաստատեցին, որ Փարիզի մէջ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի միջեւ հանդիպումը կայացած է Փարիզի մէջ:
«Ժումհուրիա» թերթը, որ հաղորդեց լուրը, կ՛աւելցնէ, թէ նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրիի Մաարապ այցելութեան լոյսին տակ Հարիրիի գրասենեակի տնօրէն Նատեր Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ դասաւորած է Հարիրի-Պասիլ հանդիպումը Փարիզի մէջ: