Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահի Ընտրութեան Տագնապէն Անդին. Մտավախութիւններ` Երկրի Կառոյցին Եւ Անոր Գոյատեւման Ճակատագիրին Շուրջ

September 20, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

28 սեպտեմբերի զերօ ժամկէտին ընդառաջ լաւատեսութեամբ թէ յոռետեսութեամբ յատկանշուող մեկնաբանութիւններն ու վերլուծումները կը շարունակուին` մեկնելով կողմերու ցուցաբերած կեցուածքէն կամ անոնց քուլիսային կապակցութիւններուն մասին «սպրդած» տեղեկութիւններէն:

Արդարեւ, կողմերէն իւրաքանչիւրը իր լաւատեսութիւնը կամ յոռետեսութիւնը կը հիմնաւորէ որոշ մտավախութիւններով, որոնք կը տարբերին ըստ իւրաքանչիւր կողմի գաղափարական թէ քաղաքական արեւելումին:

Այսպէս, Ազգային ազատ հոսանքի համակիրները լաւատես են տեղի ունեցող քուլիսային խորհրդակցութիւններուն լոյսին տակ: Անոնք հանգրուանային երկու ժամկէտ ճշդած են` 28 սեպտեմբերն ու 13 հոկտեմբերը: Անոնց այս քայլը կը բխի այն մտավախութենէն, թէ նախագահի ընտրութենէն եւ կառավարութեան նիստերու վերաշխուժացումէն անդին, երկրին կառոյցն ու անոր գոյատեւման ճակատագիրը հարցականի տակ են: Հոսկէ` անոնց հրամայական պահանջը նախագահի ընտրութեան առնչութեամբ, որ կրնայ հարթել նշեալ մտավախութիւնները:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ վերջերս յաճախակիօրէն շեշտեց հոկտեմբեր 1989-ին Սէուտական Արաբիոյ Թաէֆ քաղաքին մէջ կնքուած Լիբանանի յատուկ Թաէֆի համաձայնագիրին վերանայման անհրաժեշտութիւնը: Ըստ անոր եւ իր համակիրներուն, Թաէֆի համաձայնագիրը զգալիօրէն նսեմացուցած է քրիստոնեայ նախագահին լիազօրութիւնները Լիբանանի մէջ, ինչպէս նաեւ անիկա լրիւ կերպով չէ գործադրուած:

Հաւատարմութիւն դիմադրութիւն պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ անկիւնադարձային նկատեց նախագահի ընտրութեան կարեւորութիւնը: Ռաատ նոյնքան կարեւոր եւ անկիւնադարձային նկատեց ընտրական օրէնքի մշակումը, որ պիտի ճշդէ խորհրդարանի յառաջիկայ փուլին դիմագիծը:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախագահի ընտրութենէն անդին հարցադրումներ կը կատարէ Լիբանանի յետընտրական փուլին վերաբերեալ, թէ Լիբանան քաղաքական ի՞նչ արեւելում եւ դիմագիծ պիտի ունենայ: «Ես զօր. Աունի դէմ հարց չունիմ եթէ Հարիրի այսօր համաձայնի, վաղը զօր. Աուն նախագահ կ՛ընտրուի. այս իմաստով ալ ինձմէ կախեալ չէ ընտրութեան ձգձգումը», ընդգծեց Նեպիհ Պըրրի` «Ժումհուրիա» եւ «Սաֆիր» օրաթերթերուն հարցումներուն պատասխանելով:

Նոյն ծիրին մէջ, աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի մտավախութիւն յայտնեց մէկ կողմէ քաղաքական բանավէճին, միւս կողմէ` գաղթականներու հոսքին բերումով լիբանանեան դիմագիծի եւ անոր կառոյցի ճակատագիրին նկատմամբ:

Առ այդ, քուլիսային ճիգերը թափ առած են ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ:

Միաժամանակ, հայեացքները սեւեռուած են քաղաքական, տնտեսական թէ ընկերային պիտակի տակ, բայց նաեւ երկրի հրատապ հարցերը ընդգրկող հանդիպումներու ուղղութեամբ:

Այս ծիրին մէջ յատուկ եւ ուշագրաւ կարեւորութիւն կը ստանայ այսօր` երեքշաբթի երեկոյեան Այն Թինէի մէջ տեղի ունենալիք Մուսթաքպալ – Հըզպալլա երկխօսութեան նիստը, որուն ընթացքին խորհրդակցութեանց առանցքը պիտի կազմեն երկկողմանի յարաբերութեանց կողքին, երկրի հրատապ հարցերուն լուծման կարելիութիւնները կամ գէթ անոնց հարթումին նպաստող նախաքայլերը:

Նաեւ` Արտաքին Ճակատին Վրայ

Նմանապէս, հայեացքները սեւեռած են դէպի արտասահման, յատկապէս Նիւ Եորք, ուր վարչապետ Սալամ քուլիսային մէկէ աւելի հանդիպումներ կ՛ունենայ, եւ վստահաբար այդտեղ Լիբանանի քաղաքական խնդրայարոյց հարցերը եւս սեղանի վրայ պիտի քննարկուին:

Այս իմաստով վարչապետ Սալամ նախքան Լիբանանի անունով իր խօսքը արտասանելը գաղթականներու յատուկ համագումարին, անջատ տեսակցութիւններ ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ: Սալամ նաեւ տեսակցեցաւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի հետ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ եւ ՄԱԿ-ի մօտ Լիբանանի դեսպան Նաուաֆ Սալամ:

Սալամ այսօր պիտի տեսակցի նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի եւ Շուէտի վարչապետին եւ այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ:

Իսկ հինգշաբթի, վարչապետ Սալամ չորս վայրկեան տեւողութեամբ պիտի խօսի ՄԱԿ-ի 71-րդ Ընդհանուր ժողովին:

Ան նաեւ մասնակցեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կազմակերպած կլոր սեղանին:

Նմանապէս, Ազգային ազատ հոսանքի կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ խորհրդակցութիւններու ձեռնարկած է միջազգային եւ շրջանային բարձրաստիճան անձնաւորութեանց հետ: Տնտեսական-ընկերային պիտակով կայացող այս հանդիպումներուն անկասկած կը քննարկուին նաեւ լիբանանեան քաղաքական հրատապ հարցեր, յատկապէս առնչակից պետութեանց վարիչներուն հետ:

 

Նախորդը

Գաղթականներու Յատուկ Համագումարին Իր Խօսքին Մէջ. Սալամ Ահազանգ Կը Հնչեցնէ. «Օգնեցէ՛Ք, Լիբանան Անդունդի Եզրին Կը Գտնուի

Յաջորդը

Մարզական Ծիծաղ… Ծիծաղ…

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.