Երէկ երեկոյեան վարչապետ Թամմամ Սալամի Նիւ Եորք մեկնումով վճռուեցաւ սահմանադրական որոշումներու «տեղքայլ»-ը սպասելով սեպտեմբերի վերջաւորութեան անոր վերադարձին, երբ աունականներ առաջին ժամկէտ ճշդած են քաղաքական բարեկարգումներու իրենց պահանջներուն գծով:
Սակայն Սալամի կողքին նախարարներ Ժըպրան Պասիլի, Էլիաս Ապու Սաապի եւ Լիբանանեան ուժերու ղեկավար Սամիր Ժահժահի երկրէն մեկնումով պաշտօնական երկշաբաթեայ այս տեղքայլը «յղի» է «օրը նոր, շշուկը նոր» անակնկալներով:
Արդարեւ, մէկէ աւելի հարցադրումներ կը մտահոգեն ժողովրդային ու պետական եւ քաղաքական շրջանակները, յատկապէս կացութեան բարեփոխման վերաբերող նախանշաններու առումով` քաղաքական թէ ապահովական մակարդակներու վրայ:
Այս իմաստով ալ այն միջոցին, երբ Ռապիէի աղբիւրներ հերքեցին, երէկ լուրերու առանցքը կազմած անակնկալն էր Նատեր Հարիրիի կողմէ զօր. Աունին փոխանցուած «աւետիս»-ը, թէ «նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի վճռած է մասնակցիլ նախագահական ընտրութեան յառաջիկայ նիստին եւ զօր. Միշել Աունը ընտրել նախագահ»: Միւս կողմէ, Մուսթաքպալ հոսանքի անդամ կարգ մը երեսփոխաններ իրենց կարգին հերքեցին լուրը` վերահաստատելով Ֆրենժիէի թեկնածութեան զօրակցութեան իրենց վճռակամութիւնը: Սակայն Մուսթաքպալին մօտիկ աղբիւրներու համաձայն, լուրջ տարակարծութիւն կը տիրէ նախագահական ընտրութեանց թղթածրարին վերաբերեալ Սաատ Հարիրիի որդեգրած ուղեգիծին առնչութեամբ: Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Հարիրիի առջեւ կը մնայ այլընտրանք մը` Աունէն եւ Ֆրենժիէէն տարբեր «համախոհական» թեկնածուի մը շուրջ խորհրդակցութիւնը: Հոսկէ` անոր խորհրդականներէն` Ղաթթաս Խուրիի այցելութիւնը Մաարապ, ուր Խուրի Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահի փոխանցած է զօր. Միշել Աունէն եւ երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէէն տարբեր «համախոհական» թեկնածուի ընտրանքին դիմելու կարելիութիւնը: Այս տարակարծութիւնը առաւել եւս շեշտուեցաւ, երբ նոյնինքն Մուսթաքպալի անդամ այլ երեսփոխաններ խուսափեցան հաստատելէ կամ հերքելէ Նատեր Հարիրի – Միշել Աուն կապակցութիւնը: Տակաւին, Մուսթաքպալի կարգ մը շրջանակներ «վշտացած են» իրենց ղեկավար Սաատ Հարիրիէն, որ վերջերս Փարիզի մէջ տեսակցած է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ եւ համակարգած զօր. Միշել Աունի նախագահ ընտրութեան նախաքայլերը:
Այս իմաստով կացութիւնը առաւել եւս կրնայ յստականալ նախատեսուող կարգ մը հանդիպումներու լոյսին տակ, ինչպէս` Մուսթաքպալ հոսանքի ժողովը յառաջիկայ երեքշաբթի, որուն ակնարկելով քուէյթեան «Քապաս» թերթը Հարիրիի պատուիրակ Ղաթթաս Խուրիի վերջին յայտարարութիւններուն մէջ կը նկատէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ դրսեւորուելիք «կեցուածք»-ի մը նախապատրաստութիւնը:
Նմանապէս, հայեացքները սեւեռած են մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքի ամառնային նստավայր Տիմանի ուղղութեամբ, ուր վերջերս երկարատեւ խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցած էր Ռայի պատրիարքին եւ նախագահական թեկնածու, Մարատայի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի միջեւ: Լաւատեղեակ աղբիւրներու համաձայն, Ռայի պատրիարքը յառաջիկայ քանի մը օրերուն ժողովի պիտի հրաւիրէ «քրիստոնեայ չորս բեւեռները» Սամիր Ժահժահը, Ամին Ժեմայէլը, զօր. Միշել Աունը եւ Սլէյման Ֆրենժիէն, եւ այս` վճռելու համար իրենց կեցուածքը երկրին համար հրատապ, յատկապէս` նախագահական ընտրութեան տագնապին առնչութեամբ: 28 սեպտեմբերի «զերօ ժամկէտ»-ի մօտենալուն լոյսին տակ խորհրդակցութիւնները թափ պիտի առնեն` փորձելով ճամբայ հարթել նշեալ ժամկէտի հորիզոնին սաւառնող խնդրայարոյց կէտերու լուծման:
Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ էր երէկ հաղորդուած այն տեղեկութիւնը, ըստ որուն երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ հաղորդակցութիւն ունեցած է զօր. Միշել Աունի հետ եւ խորհրդակցութիւնը ընթացած է «խիստ դրական եւ սիրալիր» մթնոլորտի մէջ:
Միւս կողմէ, սակայն հարցադրումները կը շեշտուին 28 սեպտեմբերի «զերօ ժամկէտ»-ի ապահովական հետեւանքներուն կապակցաբար, յատկապէս աունականներու դրսեւորած վճռական կեցուածքին լոյսին տակ: Այդ հարցադրումները աւելի լուրջ ու մտահոգիչ բնոյթ կը ստանան կարգ մը կողմերու ի նպաստ աունականներուն ցուցաբերած զօրակցական կեցուածքին լոյսին տակ, ինչպէս օրինակ` Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահի խորհրդականներէն Մլհեմ Ռիաշիի այն յայտարարութիւնը, թէ «նշեալ ժամկէտին անտեսման պարագային, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը աունականներուն հետ ոչ դասական քայլերու պիտի դիմէ»:
Սակայն քաղաքական մեկնաբան Ճոնի Մնայյար շրջանային իրադրութեան ծալքերուն քաջածանօթ նախկին նախարարի մը վերագրելով իր տեղեկութիւնները կը հանդարտեցնէ, թէ ապահովական ընդհանուր վատթարացումի սպառնալիք չկայ: Յոռեգոյն պարագային մասնակի դէպքեր կրնան պատահիլ, բայց ոչ դաւանական բնոյթի (յատկապէս` սիւննի-շիի) երկպառակիչ բախումներ: Փաստօրէն, հաւատադրժողական շրջանակներ փորձած են Լիբանանն ու անոր գլխաւոր ուժերը (յատկապէս Հըզպալլան) «զբաղեցնել» ներքին դաւանական երկպառակիչ զինեալ բախումներով, զանազան պիտակներու տակ (ինչպէս` Սայտայի Ապրա շրջանին մէջ Ահմետ Ասիրի շարժումը, Արսալի բախումները եւ այլն): Հոսկէ` բանակի վճռական կեցուածքն ու պատրաստակամութիւնը` նշեալ դէպքերու հեղինակներու կամ պատասխանատուներու դիմակալման, ձերբակալման ու դատավարութեան իմաստով:
Նոյն ծիրին մէջ կ՛իյնան, ըստ լրագրող եւ վերլուծաբան Թոնի Իսայի, պաղեստինեան Այն Հլուէ գաղթակայանի արմատական տարրերու պետական ապահովական պատկան մարմիններուն յանձնուելու քայլերը:
Ասիկա ապացոյց կը նկատուի լիբանանեան հրապարակէն ծայրայեղական հաւատադրժողականներու նահանջին: Անոնք անդրադարձան, թէ երկիրը կրկին երկպառակիչ դաւանական բախումներու մէջ մխրճելու իրենց փորձերը ամուլ են:
Ապահովական կայունութեան ամրապնդման առնչութեամբ դրական այլ նախանշան է բանակի զինման եւ զայն արդիական կազմածներով օժտելու ամերիկեան օժանդակութիւնը: