Երեք շաբաթներու ընթացքին երրորդ անգամ ըլլալով, «Փի-8 Էյ» տիպի հետախուզական-լրտեսական ամերիկեան հսկայ օդանաւ մը երէկ սաւառնած է լիբանանեան եւ սուրիական ծովափի բացերուն վերեւ:
«Մայատին» պատկերասփիւռի կայանը, որ հաղորդեց լուրը, իրազեկ աղբիւրներու վերագրելով իր տեղեկութիւնները աւելցուց, որ այս տիպի օդանաւեր կը գործածուին գործնական նպատակներու համար: Անոնք կրնան յատուկ սարքեր արձակել ջուրերուն մէջ` հետախուզական միտումով: