Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

28 Սեպտեմբերի Ժամկէտին Ուղղութեամբ Գործնական Նախաքայլերը Ընթացք Կ՛առնեն Վաղը

Սեպտեմբեր 19, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Թամմամ Սալամ կը փորձէ Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական ու ապահովական կայունութեան ամրագրման ի խնդիր առաւելագոյն զօրակցութիւն ապահովել Նիւ Եորքի մէջ: Յառաջիկայ օրերուն ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի եւ անոր ծիրին մէջ գաղթականներու յատուկ համագումարի ընթացքին իր արտասանելիք խօսքի նախօրեակին, վարչապետը քուլիսային խորհրդակցութիւններու ձեռնարկած է Լիբանանի եւ շրջանի կացութեան առնչակից երկիրներու նախագահներուն եւ վարիչներուն հետ:

Իսկ Լիբանանի մէջ վաղը` երեքշաբթի, Հըզպալլա – Մուսթաքպալ հանդիպումը արտասովոր կարեւորութիւն ունի: Այն Թինէի հովանաւորութեամբ տեղի ունենալիք այս խորհրդակցութիւնները պիտի գան վճռելու 28 սեպտեմբերի ժամկէտի ստանալիք ուղին, ինչպէս կը հաւաստեն Ռապիէի մօտիկ աղբիւրներ: Ըստ նոյն աղբիւրներուն, աունականները կ՛ակնկալեն, որ Հըզպալլա կարենայ համոզել Մուսթաքպալի վարիչները, յատկապէս նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն Պէյրութ վերադարձը խիստ հաւանական կը նկատուի այդ միջոցին: Անոնք կը յուսան, որ նշեալ խորհրդակցութեանց ընթացքին Մուսթաքպալ վճռէ իր կեցուածքը եւ 28 սեպտեմբերին նախատեսուող նախագահական ընտրութեան 45-րդ նիստին մասնակցի եւ իր քուէները տայ ի նպաստ զօր. Միշել Աունի նախագահ ընտրութեան:

Արդարեւ, նախագահական ընտրութեան եւ անոր յարակից հարցերը` կառավարութեան գործունէութեան վերաշխուժացումը, Ազգային, երկխօսութեան նիստերու վերակենդանացումը, ընտրական օրէնքի մշակումը, այս բոլորը ուղղակի թէ անուղղակի առանցքը կազմեցին երէկ զանազան առիթներով պատկան կողմերու ներկայացուցիչներու արտասանած խօսքերուն:

Ռայի

 

 

patriarch-rahi_91816

Այս ծիրին մէջ, մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը քննադատեց բոլոր այն ղեկավարները, որոնք երկիրը մխրճած են քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային տագնապներու մէջ: Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց այդ ղեկավարներուն հրաժարելու իրենց եսակեդրոն անձնասիրութենէն եւ գրաւներէն ու լծուելու երկրի կայունութեան ու բարգաւաճման:

Ժապեր

yassin-jaber_91816

Երեսփոխան Եասին Ժապեր անհրաժեշտ նկատեց երկխօսութեան սեղանին շուրջ խորհրդակցութիւնը` յանգելու համար երկրին կայունութիւնը երաշխաւորող համապարփակ համաձայնութեան:

Զաայթեր

zeaiter_91816

Փոխադրութեան եւ հանրօգուտ շինութեանց նախարար Ղազի Զաայթեր վերահաստատեց երկխօսութեան կարեւորութիւնը միջլիբանանեան մակարդակի վրայ: «Կը գտնուինք վարչակարգերու, արժէքներու, պետութեանց աւերման փուլի մէջ, հոսկէ` այսօր, աւելի քան երբեք, կոչուած ենք ամրապնդելու մեր ներքին ճակատը` ազգային ընդհանուր երկխօսութեամբ», ընդգծեց Զաայթեր` կոչ ուղղելով վերակենդանացնելու երկրին քաղաքական եւ սահմանադրական հաստատութեանց ու կառոյցներուն բնականոն գործունէութիւնը:

Ռիաշի

melhem-riachi_91816

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հաղորդակցութեան եւ տեղեկատուուական բաժանմունքի վարիչ Մլհեմ Ռիաշի երէկ պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ 28 սեպտեմբերի նիստէն ետք Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան որոշումը անկիւնադարձային պիտի ըլլայ: Ռիաշի յայտնեց, թէ իրենք Մուսթաքպալի ղեկավարներուն հետ խորհրդակցած են զօր. Միշել Աունի նախագահ ընտրութեան շուրջ եւ «վերջինները կը մտածեն այս մասին»: Ռիաշի շեշտը դրաւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական նոր օրէնքի որդեգրման վրայ` մերժելով «60-ի ընտրական օրէնք»-ին վերադառնալ:

Քասեմ

qassem_91816

«Նախագահի ընտրութեան ձգձգումը պիտի յանգի յաւելեալ տեղքայլի եւ թափուր կառոյցներու», յայտարարեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ` երէկ Պընթ Ժպէյլի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկի մը ընթացքին:

«Հանրապետութեան նախագահի ուղին ճշդուած է, ան որ կ՛ուզէ նախագահ ընտրել, պարտի ընտրել մէկ ուղի, որ կը յանգի զօր. Միշել Աունի ընտրութեան», ընդգծեց Քասեմ` շեշտելով, որ այս ուղին ո՛չ միջազգային, ո՛չ ալ շրջանային որոշումները կրնան փոխել: Քասեմ պատրաստակամութիւն յայտնեց ընդառաջելու նախագահական ընտրութեան նիստին, որքան ալ մօտալուտ ըլլայ անիկա:

Միւս կողմէ, Քասեմ դրուատեց ներքին ապահովութեան ուժերուն ճիգերը երկրին մէջ երկպառակիչ, ահաբեկչական խռովութիւններու միտող յանցագործներու քողազերծման եւ ձերբակալման մէջ, իբրեւ օրինակ նշելով վերջերս Զահլէ-Քսարայի բոլորակի պայթումին պատասխանատու ահաբեկչական ցանցի քողազերծումը:

Քաուք

18-09-16-kawwookk

Իր կարգին, Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք երէկ Սուրի մէջ վերահաստատեց Հըզպալլայի զօրակցութիւնը զօր. Միշել Աունի նախագահական թեկնածութեան` ընդգծելով, որ Սէուտական Արաբիա կ՛արգելակէ Լիբանանի քաղաքական կայունութիւնը:

Ֆարաոն

michel-pharaon_91816

Զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն դիտել տուաւ, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Աունի նախագահական թեկնածութիւնը մեծ կարեւորութիւն ունի, «յատկապէս որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ կը զօրակցի անոր»: Շաբաթավերջին պատկերասփռուած յայտարարութեամբ մը, նախարար Ֆարաոն նկատեց, որ նախագահական թնճուկի լուծումը կը կարօտի երաշխիքներու` քրիստոնէական մակարդակի վրայ: Ֆարաոնի համաձայն, կարգ մը նշանակումներու գծով խորհրդակցութիւնը կրնայ յանգիլ կառավարական աշխատանքի վերսկսման:

Ռաատ

raad_91816

«Պէտք ունինք զօրաւոր պետութեան մը, որ կրնայ տէր կանգնիլ ու պաշտպանել երկրին գերիշխանութիւնը առանց արտաքին հոգատարութեան եւ քաղաքացիներուն հետ կը վարուի արդարութեամբ ու ողջմտութեամբ եւ առանց խտրականութեան», յայտարարեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շաբաթավերջին Մէյսել Ժապալի մէջ: Միաժամանակ ան անհրաժեշտ նկատեց այս պետութեան իրականացման համար հանրապետութեան նախագահի գոյութիւնը, որ քաջածանօթ ըլլայ գերիշխանութեան արժէքին եւ նախանձախնդիր` համակեցութեան եւ ազգային բաժնեկցութեան:

Մքարի

farid-makari_91816

Խորհրդարանի փոխնախագահ, երեսփոխան Ֆարիտ Մքարի երէկ պատկերասփռուած յայտարարութեամբ մը անհաւանական նկատեց զօր. Միշել Աունի նախագահ ընտրութիւնը «ո՛չ 28 սեպտեմբերին, ո՛չ ալ անկէ ետք»:

Նշելով, որ արտասահմանի մէջ տեսակցած է նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ, Մքարի հերքեց Հարիրիի եւ Աունի միջեւ ակնարկուող հաղորդակցութիւնները: «Իմ կարծիքովս, նման հանդիպումներ չեն կայացած», ըսաւ Մքարի` նշելով, որ նախագահական ընտրութեան հարցը տակաւին չէ հասունցած եւ անիկա կախեալ է արտաքին կողմերէ: Մքարի աւելցուց, որ Հարիրի Պէյրութ պիտի վերադառնայ 28 սեպտեմբերին:

Ալեն Աուն

alain-aoun_91816

«Ոեւէ նախագահ նուազագոյն հասկացողութիւն կ՛ունենայ քաղաքական խմբաւորումներու հետ», յայտարարեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ալեն Աուն երէկ պատկերասփռուած յայտագիրի մը ընթացքին: «Իւրաքանչիւր քաղաքական կողմ Լիբանանի մէջ իր մտավախութիւններն ու մղձաւանջները ունի եւ զօր. Միշել Աուն հեռու չէ այդ մթնոլորտէն, յատկապէս երաշխիքներ տալու իմաստով», աւելցուց Ալեն Աուն` նշելով, որ «չկայ որեւէ քաղաքական համախմբում, որ կը զօրակցի թեկնածուի մը, առանց յառաջիկայ փուլին գծով երաշխիքներ ստանալու»:

Նաեւ` Արտասահմանի Մէջ

naamat-frem_91816

Նախագահական ընտրութեան հարցը նաեւ մաս կազմեց լիբանանցի վարիչներու արտասահմանեան խորհրդակցութեանց թղթածրարներուն:

Արդարեւ, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլէն ետք, «Արտասահմանի մարոնի հաստատութեան» նախագահ Նաամեթ Ֆրեմ անհրաժեշտ նկատեց զօրաւոր նախագահի մը ընտրութիւնը, որ կարենայ գործադրել կնքուած բոլոր համաձայնագիրները, ներառեալ թաէֆը:

Ֆրեմ այս հարցը արծարծեց նաեւ ամերիկեան ծերակոյտի արտաքին հարցերու յանձնախումբի նախագահ Էտ Ռոյսի հետ:

 

 

Նախորդը

«Էմիր Շաքիպ Արսլան» Մզկիթի Կառուցման Առիթով. Ժոմպլաթ. «Իսլամը Համակեցութեան, Հանդուրժողութեան Եւ Չափաւորութեան Կրօն Է»

Յաջորդը

Մարզական Ծիծաղ,,, Մարզական Ծիծաղ

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?