Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղթականներու Յատուկ Համագումարին Իր Խօսքին Մէջ. Սալամ Ահազանգ Կը Հնչեցնէ. «Օգնեցէ՛Ք, Լիբանան Անդունդի Եզրին Կը Գտնուի

September 20, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

tammam-salam_91916

«Օգնեցէ՛ք մեզի, Լիբանան անդունդի եզրին հասած է եւ անզօր է տոկալու», յայտարարեց վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ, Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի 71-րդ Ընդհանուր ժողովին զուգահեռ գաղթականներու յատուկ համագումարին արտասանած իր խօսքին մէջ: Վարչապետ Սալամ այս առիթով մանրամասն եւ հիմնաւորուած տուեալներով  համագումարի մասնակիցներուն  զեկուցեց սուրիացի գաղթականներու Լիբանան հոսքի պարզած իրավիճակն ու անոր հետեւանքները` քաղաքական, ընկերային, տնտեսական թէ մարդկային դիտանկիւնէն: Այս գծով Սալամ միջազգային ընտանիքին պարզեց գաղթականներու տունդարձին համար մանրամասն ծրագիր մը: Ան թուական պատկերներով պարզեց սուրիացի գաղթականներուն իրավիճակը` նշելով, որ 2011-էն ի վեր աւելի քան հարիւր հազար նորածին արձանագրուած է սուրիացի գաղթականներուն մօտ, ըստ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի պատկան մարմինի վիճակագրական տուեալներուն: «Աշխարհ ականատես եղաւ պատմութեան յոռեգոյն բռնագաղթին», ըսաւ Սալամ եւ աւելցուց. «Մէկուկէս միլիոն սուրիացի գաղթականներուն համար լիբանանցիք ծախսեցին իրենց չունեցած աւելի քան տասնհինգ միլիառ տոլարի գումարը»: Ան շեշտեց, որ անակնկալ ու աննախընթաց գաղթականական այս հոսքը իր տնտեսական, մարդագրական, քաղաքական եւ ընկերային հետեւանքները ունեցաւ Լիբանանի վրայ:

Այս գծով Սալամ առաջարկեց.-

1.- Յառաջիկայ երեք ամիսներուն ընթացքին մշակել սուրիացի գաղթականներու ապահով տունդարձի ճամբու քարտէս մը եւ անոր գործադրութեան  անհրաժեշտ նիւթական, մարդուժի թէ առնչակից կարիքները, որպէսզի ըստ այնմ կարելի ըլլայ ձեռնարկել անոր իրականացման:

2.- Նախքան ընթացիկ տարեվերջը ձեռնարկել սուրիացի գաղթականներու դասաւորման մերձակայ երկիրներուն մէջ` ճշդելէ ետք իւրաքանչիւր երկրի գաղթականներու ընդունման կամ հիւրընկալման բաժինն  ու կարելութիւնները:

3.- Թափ տալ գաղթականներու յատուկ բարգաւաճման ծրագիրներու ֆինանսաւորման, շրջանային թէ միջազգային մակարդակներու վրայ:

4.- Մանրամասն եւ հիմնաւորեալ զեկուցում պատրաստել նիւթապէս օժանդակող բարերար երկիրներու փոխանցած գումարներուն մասին, իւրաքանչիւր մարզի մէջ անջատաբար:

5.- Ձեռնարկել դրամահաւաքի մը, ի նպաստ  ԻՒՆԵՐՈՒԱ-ի, որպէսզի անիկա կարենայ հոգալ պաղեստինցի գաղթականներու կրթական եւ մարդկային նիւթական տարրական կարիքները:

Սալամ միջազգային ընտանիքէն եւ յատկապէս ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունէն պահանջեց անմիջական օգնութեան ձեռք երկարել Լիբանանին, որ «անդունդի եզրին կը գտնուի»:

 

Նախորդը

Պետական Կրթական Հաստատութիւններու Վերամուտը Յետաձգուած Է 26 Սեպտեմբերին

Յաջորդը

Նախագահի Ընտրութեան Տագնապէն Անդին. Մտավախութիւններ` Երկրի Կառոյցին Եւ Անոր Գոյատեւման Ճակատագիրին Շուրջ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.