Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը:
Հանդիպումէն ետք Լաւրով շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող լարուածութեան մեղմացումը շատ աւելի դիւրին է, քան Սուրիոյ տագնապին լուծումը: Ան աւելցուց, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու համաձայնութեան նպատակը եղած է հանդարտ եւ կայուն պահել Լիբանանը:
«Հակառակ անոր որ Ուաշինկթըն վերջ տուաւ գործակցութեան, սակայն Ռուսիա պիտի շարունակէ իր ճիգերը` Սուրիոյ տագնապին լուծման ի խնդիր», ըսաւ Լաւրով` հաստատելով, որ իրենց գործակցութեան առաջին իսկ վայրկեանէն սկսեալ ամերիկեան վարչակազմի պաշտօնատարներէն ոմանք ջանք չեն խնայած խոչընդոտելու Սուրիոյ շուրջ գոյացած ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւնը:
Իր կարգին, Հարիրի յայտնեց, որ շրջանին մէջ Ռուսիոյ դերակատարութիւնը կարեւոր է` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութեան նպատակով առաջադրած են կարգ մը նախաձեռնութիւններ, որոնք սակայն Հըզպալլայի կողմէ արգելակուած են:
Հարիրի անհրաժեշտ նկատեց, որ Սուրիոյ տագնապը ամէնէն արագ միջոցին լուծուի` յոյս յայտնելով, որ Ռուսիա շրջանին մէջ կը վերստանձնէ իր դերակատարութիւնը, պաշտպանելով շրջանին մէջ բնակող ժողովուրդներուն իրաւունքները:
Ան ընդգծեց այս հանգրուանին ռուս-ամերիկեան գործակցութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը:
Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին` լիբանանեան բանակին յատկացուած ռուսական զինուորական օժանդակութիւններուն, ինչպէս նաեւ սուրիացի գաղթականներուն կարիքները հոգալու նպատակով ռուսական աջակցութեան համար:
ՆՇԵՆՔ, որ Հարիրի երէկ շուրջ կէս գիշերին վերադարձաւ Պէյրութ. ան Մոսկուայէն ետք այցելած էր նաեւ Սէուտական Արաբիա: