
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ Աշուրայի սուգի երեկոյեան առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Լիբանան կը գտնուի ամբողջ շրջանը տագնապեցնող հսկայ ճգնաժամին սրտին մէջ` աւելցնելով, որ եթէ շրջանի բոլոր երկիրներուն դիմագրաւած տագնապներուն դրդապատճառները փնտռելու ըլլանք, ապա պիտի գտնենք, թէ անոնք ամերիկեան են եւ կամ անոնց ետին Միացեալ Նահանգները կը գտնուին:
Ան շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգները իրենց այս արարքներով երկու նպատակ կը հետապնդեն. առաջինը` Իսրայէլին ապահովութիւն ներշնչել, իսկ երկրորդը` շրջանի քարիւղին, դրամին եւ բնական հարստութիւններուն տիրել, իսկ անոր բնակչութիւնը ստրկացնել:
«Առանց Դիմադրութեան կարելի պիտի չըլլար հաւատադրժողական զինեալները Լիբանանէն հեռացնել», շեշտեց Քասեմ` ընդգծելով, որ Դիմադրութիւնը Լիբանանը Իսրայէլէն եւ հաւատադրժողական զինեալներէն պաշտպանելու ուժ է, որուն կառչած պէտք է մնալ:


