Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պքերքէի Մէջ . Պասիլ Եւ Ժահժահ Կը Մերժեն Նախագահական Ընտրութեան Առիթով Առաջարկուած Փաթեթային Ծրագիրը

October 5, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

basil_rayi_100416

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան Պքերքէի մէջ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան վերաբերող զարգացումները:

Հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն նախագահական ընտրութեան առումով պարտադրուելիք որեւէ նախապայման, նոյնիսկ եթէ ան հրամցուած ըլլայ նախագահական ընտրութեան փաթեթային ծրագիրի կամ ընտրական օրէնքի պիտակին տակ:

«Անկարելի է, որ մենք գոյացնենք համաձայնութիւն մը, որուն հիման վրայ ուրիշը կը ջնջուի: Մեր պարտականութիւնն է բոլորին իրաւունքները պաշտպանող ընդարձակ եւ սկզբունքային համաձայնութիւններ գոյացնել», հաստատեց ան:

Պասիլ ընդգծեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երկրին մէջ իր կշիռը ունի` աւելցնելով, որ իրենք միշտ ալ ընդունած են ուրիշը: Ան անհրաժեշտ նկատեց երկրին մէջ ստեղծուած այս դրական փուլին շրջագիծին մէջ խորհրդակցութիւններուն շարունակումը:

Իր կարգին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ այցելեց Ռայի պատրիարքին:

Հանդիպումէն ետք Ժահժահ շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան ծիրին մէջ փաթեթային ծրագիրի քննարկումը անհաւանական է:

Ժահժահ շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն փաթեթային ծրագիրի հիման վրայ չէ որ կը բանակցի, այլ` նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ կը քննարկէ նախագահական ընտրութեան կարելիութիւնները:

Ժահժահ գնահատեց Պըրրիի դերակատարութիւնը` աւելցնելով, որ եթէ անոնք հարցի մը շուրջ անհամաձայն են, ապա ատիկա չի նշանակեր, թէ մտերմութիւնը խախտած է: Ան աւելցուց, որ այսօր իրենք կը գտնուին նախագահական ընտրութեան նոր երկունքի մը դիմաց, որ պիտի տեւէ երկու շաբաթ, որմէ ետք վերջնական որոշումներ պիտի տրուին:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը այսօր պիտի նախագահէ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ընթացիկ նիստին, որուն մասին անպաշտօն աղբիւրներ յայտնեցին, թէ խորհուրդը իր սովորութեան համաձայն հաղորդագրութիւն մը պիտի չհրապարակէ, այլ պիտի կատարէ յայտարարութիւն մը:

 

 

Նախորդը

Վարչապետարանին Մէջ. «Անկարելի Է Քաղաքացին Լքել Եւ Անոր Դիմագրաւած Հարցերը Չլուծել» Շեշտեց Հարպ

Յաջորդը

Սաատ Հարիրի Լաւրովի Հետ Քննարկեց Նախագահական Ընտրութեան Թղթածրարը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.