
Վարչապետ Թամմամ Սալամի հովանաւորութեամբ երէկ վարչապետարանին մէջ սկիզբը յայտարարուեցաւ «Լիբանանի ուղին դէպի բարգաւաճ պետութիւն» արշաւին:
Այս առիթով վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ Լիբանան ազգային կողմնացոյցէ զուրկ է` աւելցնելով, որ Լիբանան իր պատմութեան ամէնէն ծանր օրերը կ՛ապրի, իսկ անոր դիմագրաւած տագնապը կարիքը ունի անմիջական լուծման:
Վարչապետ Սալամ նշեց, որ ինչ ալ ըլլան երազներն ու փափաքները, կարելի պիտի չըլլայ Լիբանանը բարգաւաճեցնել, որովհետեւ մեր սահմանները պատերազմական վիճակի մէջ են, երկրին մէջ աւելցած են մէկուկէս միլիոն սուրիացի գաղթականներ, ցամաքային արտածումի կարելիութիւն չունինք, իսկ առեւտուրը իր ամէնէն ցած մակարդակին հասած է:
Վարչապետ Սալամ կոչ ուղղեց ամէնէն արագ միջոցին նախագահական ընտրութիւն կատարելու, որպէսզի կարելի ըլլայ սահմանադրական հաւասարակշռութիւնը վերահաստատել:
«Նախագահական ընտրութիւնը դրական հարուած մըն է, որ կրնայ կասեցնել տնտեսական տագնապը», ըսաւ ան:
Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ Լիբանան ապահովական իր կայունութիւնը կը պարտի իր բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն, որոնք կ՛երաշխաւորեն երկրին քաղաքացիական անվտանգութիւնը:
Ան բարձր գնահատեց նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի աշխատանքները` լիբանանեան պետութեան պիւտճէն պահպանելու առումով:
Իր կարգին, Ալի Հասան Խալիլ ընդգծեց համաձայնութիւններ գոյացնելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ նախագահական ընտրութիւն կատարել, ինչպէս նաեւ խորհրդարանին եւ կառավարութեան աշխատանքները աշխուժացնել:
Նշենք, որ վարչապետ Սալամ այսօր պիտի նախագահէ նախարարաց խորհուրդի նիստին:


