Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշյիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց տեղական իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները:
Ֆրենժիէի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարի:
Հանդիպումէն ետք Նաժարի յայտնեց, որ Գահիրէ յանձնառու կը մնայ Լիբանանի սահմանադրական եւ ապահովական կայունութեան:
Ան ընդգծեց, որ Եգիպտոս կը մաղթէ, որ ամէնէն արագ միջոցին վերջ մը տրուի նախագահական աթոռի թափուր դրութեան: