
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, յատկապէս նախագահական ընտրութեան թղթածրարին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Հանդիպումէն ետք Քանաան շեշտեց, որ իրենց եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան կարծիքով` նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի առաջադրած նախագահական ընտրութեան նախաձեռնութիւնը դրական է եւ ամէն իմաստով պէտք է նպաստել անոր յաջողութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել լիբանանեան պետութիւնը եւ համախմբել Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը:
Քանաան յայտնեց, որ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդին հաղորդագրութիւնը կը հաստատէ, որ քաղաքական դաշինքները որեւէ ատեն կրնան գոյանալ, սակայն անոնք պէտք չէ զօրակցին նախագահին` հակասահմանադրական քայլերու առումով:
Քանաան նշեց նաեւ, որ Ժահժահի հետ քննարկած է ընտրական արդար օրէնքին վերաբերող հարցեր` նկատի ունենալով, որ անիկա երկրին համար անհրաժեշտութիւն է` Թաէֆի համաձայնագիրին ստորագրութենէն 26 տարի ետք:
Քանաան ընդգծեց Լիբանանի մէջ ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ Այն Թինէի հետ խորհրդակցութիւնները առկայ են` հակառակ քաղաքական որոշ տարակարծութիւններու գոյութեան:


