Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Հոկտեմբեր 10, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ մեկնեցաւ Ռիատ:

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս յայտնեց, որ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը նախաձեռնած է այդ յայտարարութիւնը հրապարակելու, որովհետեւ Լիբանանի սպառնացող վտանգը շօշափելի է:

Խօսելով Պքերքէի եւ Այն Թինէի միջեւ յարաբերութիւններուն մասին` Մազլում եպիսկոպոսը յայտնեց, որ յարաբերութիւնները հեզասահ են` աւելցնելով, որ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի կատարած այցելութեան ընթացքին յստակացումներ կատարուած են:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ շեշտեց, որ քաղաքական անձնաւորութիւնները կրնան տարակարծիք ըլլալ եւ ապա հաշտուիլ, հետեւաբար տարակարծութիւնը երբեք չի նշանակեր, որ անոնք թշնամացած են:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ հարցերու պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ երկխօսութիւնը եւ փոխըմբռնումը այլընտրանք չունին, ինչ որ ալ ըլլան քաղաքական տարակարծութիւնները:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ իրենք իրենց գրաւը կը դնեն քաղաքական զարթօնքի մը վրայ, որ զիրենք կ՛առաջնորդէ դէպի հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւն:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Աքրամ Շեհայէպ ընդգծեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական տագնապին լուծումը կարելի է ապահովել ազգային համախոհութեամբ նախագահական ընտրութիւն կատարելով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդունեց ուսանողական պատուիրակութիւն մը, որուն անդամներուն կոչ ուղղեց ներգրաւուելու երկրին քաղաքական կեանքին մէջ` զարգացնելու համար լիբանանեան ընկերութիւնը: Միւս կողմէ, Ժահժահ հարցազրոյցի մը ընթացքին վերահաստատեց իր համոզումը, թէ Հըզպալլա չի փափաքիր Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը նախագահ ընտրել, որովհետեւ ան նախագահական աթոռի թափուր կացութիւնը կը նախընտրէ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի դէմ ցարդ սէուտական վեթօ գոյութիւն չունի:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւն կը տիրէ` շնորհիւ Սուրիոյ մէջ մեր մղած պատերազմին: «Եթէ Դիմադրութիւնը հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն դէմ չպայքարէր անոնց որջերուն մէջ, ապա անոնք Լիբանան պիտի հասնէին», ըսաւ Ֆատլալլա:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին աշխուժացնել պետական հաստատութիւններուն աշխատանքները, ինչպէս նաեւ ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը եւ վաւերացնել ընտրական նոր օրէնք մը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա շեշտեց, որ իրենք կը գտնուին Պաապտայի նախագահական պալատին սեմին` աւելցնելով, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ հանդիպումի մը իմաստով ոչ մէկ արգելք կայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ հաստատեց, որ անկարելի է ժխտել այն իրականութիւնը, թէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն կեցուածքներու անձնաւորութիւն է, հետեւաբար ան նախագահական ընտրութեան լաւագոյն թեկնածուն է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, թէ որքա՛ն ալ փորձեն խոչընդոտել ազգային երկխօսութիւնը, անիկա կը մնայ Լիբանանի հարցերուն լուծման միակ միջոցը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի խուսանաւումներ չի կատարեր, այլ` իսկապէս կը ջանայ վերջ տալ նախագահական թափուր աթոռին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նաամէ Թոհմէ յոյս յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն արտաքին օրակարգէ հրաժարի եւ լիբանանեան օրակարգը դարձնէ իր առաջնահերթութիւնը:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ Միացեալ Նահանգներէն կատարած յայտարարութեան մէջ շեշտեց, որ առաջնահերթութիւնը Լիբանանի խախուտ կայունութիւնը պահպանելուն մէջ է: Ան կոչ ուղղեց Սուրիոյ պատերազմին մասնակցութեան վերջ տալու եւ ժողովրդավարութիւնը ազատ արձակելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ շեշտեց, որ Հըզպալլա պատասխանատու է նախագահական թափուր աթոռի դրութեան, որովհետեւ ան իրանեան օրակարգեր կը գործադրէ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ստանձնած առաքելութիւնը դժուար է:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ ընդգծեց, որ ոչ ոք պէտք է կասկածի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նկատմամբ մեր դաշինքի ամրութեան վրայ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին հաստատեց, որ քաղաքական մակարդակի վրայ Դիմադրութիւնն է Լիբանանի պաշտպանը` աւելցնելով, որ եթէ ոմանք կը մտածեն, որ ապագային Դիմադրութիւնը Լիբանանի մէջ քաղաքական դերակատարութիւն չի կրնար ունենալ, ապա անոնք չարաչար կը սխալին:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ իրենց արձանագրած յաղթանակը Լիբանանի յաղթանակն է:

«ԷՄ. ԹԻ. ՎԻ.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի մինչեւ 20 հոկտեմբեր պիտի որդեգրէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին շեշտեցին երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու կարեւորութիւնը, նոյնիսկ եթէ այդ ընտրութիւնները կայանան 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Սէուտական Արաբիոյ գաղտնի սպասարկութեան տնօրէնը կը մերժէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նախագահ ընտրութիւնը:

 

Նախորդը

Եմէնի Մէջ Սուգի Թափօրի Մը Դէմ Սէուտական Օդային Հարուածին Պատճառով Բազմաթիւ Զոհեր

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարքը Կոչ Կ՛ուղղէ Երեսփոխաններուն Ուղղուելու Խորհրդարան Եւ Սահմանադրութեան Համաձայն Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին.  «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին. «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?