ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի յայտնեց, որ կառավարութեան նիստին մասնակի կամ ամբողջական մասնակցութիւն չկայ` աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը նախանցեալ օրուան նիստին արդէն իսկ մասնակցած է: Ան մաղթեց, որ քաղաքական տարակարծութիւնները հեռու պահուին նախարարաց խորհուրդի աշխատանքներէն:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ շրջանին մէջ ամէն բան յետաձգուած է մինչեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններէն ետք:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ երէկ շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ չեն փափաքիր շրջանին հարցերը խաղաղ կերպով լուծել, այլ` կը միտին շրջանը քայքայել:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ Սուրիոյ պատերազմը բացայայտած է ամերիկեան-իսրայէլեան-սէուտական ծրագիրին իսկութիւնը:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի նախաձեռնութեան Ա. փուլը կ՛ենթադրէ, որ Հարիրի պաշտօնապէս որդեգրէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ պահանջուածը Հալէպը սուրիական պետութեան վերադարձնելն է:
ԱՐԱԲԱԿԱՆ Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ լոյս տեսնող «Պայան» օրաթերթին համաձայն, յառաջիկայ օրերուն նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի առաքելութիւնը պիտի դիւրանայ, երբ Սէուտական Արաբիա իր դռները բանայ անոր դիմաց:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն մօտիկ աղբիւրներ հաստատած են, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կողմէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին կատարուելիք այցելութեան որոշումը արդէն իսկ տրուած է, հակառակ բոլոր խորհրդակցութիւններուն:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, 1960-ի ընտրական օրէնքը կրնայ վերստին ինքզինք պարտադրել` շարք մը բարեփոխումներու ենթարկուելէ ետք:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Այն Թինէի եւ Ռապիէի միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու «կամուրջները վերակառուցելու» նպատակով: Ըստ նոյն օրաթերթին, նախագահական ընտրութեան յաջորդ նիստը` 31 հոկտեմբերին, կրնայ վճռորոշ նիստ մը ըլլալ:


