Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:
Նիստին ներկայ գտնուեցան նաեւ Հըզպալլայի նախարարներ Մոհամետ Ֆընէյշ եւ Հիւսէյն Հաժ Հասան, ՀՅԴ-ի նախարար Արթիւր Նազարեան, ինչպէս նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախարարներ Էլիաս Ապու Սաապ եւ Ռոնի Արայժի:
Շուրջ 5 ժամ տեւած նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ նիստին սկիզբը վարչապետ Սալամ դարձեալ պահանջած է արագացնել նախագահական ընտրութիւնը` նկատի ունենալով, որ հանրապետութեան նախագահն է երկրին սահմանադրութիւնն ու երկիրը պաշտպանողը, յատկապէս երկրին դիմագրաւած լուրջ հարցերուն ընթացքին:
Քազզի յայտնեց, որ վարչապետ Սալամ շնորհաւորած է նախարարաց խորհուրդը` նիստերուն վերսկսելուն առիթով, ինչպէս նաեւ կառավարութեան ներկայացուցած Նիւ Եորք կատարած իր աշխատանքային այցելութեան արդիւնքները:
«Կառավարութեան որոշումով Ֆուատ Այուպ նշանակուեցաւ Լիբանանեան համալսարանի նախագահ, հազարապետ-զօրավար Հաթեմ Մալաք նշանակուեցաւ բանակի սպայակոյտի պետ, իսկ դատախազ Ապտալլա Ահմետ` ընկերային հարցերու նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն», ըսաւ Քազզի:
Ան շեշտեց նաեւ, որ կառավարութիւնը որոշած է օժանդակել խնձորի ցանքով զբաղող երկրագործներուն` 20 քկ կշռող իւրաքանչիւր խնձորի սնտուկին դիմաց տրամադրելով 5 հազար լ. ոսկիի նպաստ, ինչպէս նաեւ որոշեց նուիրատու երկիրներէն պահանջել, որ 500 հազար սնտուկ խնձոր գնեն` զանոնք գաղթականներուն տրամադրելու համար: