ԹՐԻՓՈԼԻԻ «Քուալիթի Ին» պանդոկին դիմաց երէկ գտնուեցան երեք ձեռնառումբեր: Բանակը շրջափակեց նշեալ վայրը` ձեռնառումբերը ապահովութեամբ այլ վայրեր փոխադրելու նպատակով:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ հարցերու պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ չեն կրնար խուսափիլ Եմէնի մէջ գործուած սպանդին առումով իրենց պատասխանատուութենէն:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի անհրաժեշտ նկատեց նախագահական ընտրութիւն կատարելը` նախքան ընտրական նոր օրէնքի մը շուրջ համաձայնութեան գոյացումը:
ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան յոյս յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան առիթով յարմար ելքեր գոյանան:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները: Մարունի յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը պէտք է յստակ կեցուածքներ ճշդեն նախագահական ընտրութեան առումով:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ Հըզպալլա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը աշխուժացնելու նպատակով:
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ յայտնեց, որ լիբանանեան թղթոսկին կայուն է` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի դէմ ամերիկեան նիւթական պատժամիջոցներուն առումով նորութիւններ չկան: Նշենք, որ «Կլոպըլ Ֆայնենս» ամսաթերթը պարգեւատրեց Սալամէն` իբրեւ Կեդրոնական դրամատուներու 2016-ի լաւագոյն կառավարիչ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ուեհպէ Քաթիշա յայտնեց, որ եթէ Հըզպալլա կը փափաքէր Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրել, ապա ան այդ քայլը առած կ՛ըլլար նախագահական ընտրութեան առաջին նիստին ընթացքին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի տակաւին կը գտնուի նախագահական ընտրութեան հոլովոյթին կապուած խորհրդակցական փուլին մէջ:
ՌԻԱՏԻ մօտիկ աղբիւրներու համաձայն, Իտալիա հետաքրքրուած է լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող քարիւղի եւ կազի հարստութեամբ եւ այդ ուղղութեամբ պատրաստ է ներդրումներ կատարելու:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Հայաթ» օրաթերթին համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդատու Նատեր Հարիրիի միջեւ ոչ մէկ համաձայնութիւն գոյացած է երեսփոխան զօր. Միշել Աունը նախագահ ընտրելու առումով:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայէս յայտնեց, որ իրենք դրական կը գնահատեն նախագահական ընտրութեան առումով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ճիգերը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ հաստատեց, որ անկարելի է ժխտել այն իրականութիւնը, թէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն կեցուածքներու անձնաւորութիւն է, հետեւաբար ան նախագահական ընտրութեան լաւագոյն թեկնածուն է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, թէ որքա՛ն ալ փորձեն խոչընդոտել ազգային երկխօսութիւնը, անիկա կը մնայ Լիբանանի հարցերուն լուծման միակ միջոցը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի խուսանաւումներ չի կատարեր, այլ` իսկապէս կը ջանայ վերջ տալ նախագահական թափուր աթոռին: Ան ընդգծեց նաեւ, որ խորհրդարանը օրէնսդրական նիստ մը չի կրնար գումարել, առանց ընտրական օրինագիծերը քննարկելու եւ նոր օրէնք մը վաւերացնելու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նաամէ Թոհմէ յոյս յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն արտաքին օրակարգէ հրաժարի եւ լիբանանեան օրակարգը դարձնէ իր առաջնահերթութիւնը:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ Միացեալ Նահանգներէն կատարած յայտարարութեան մէջ շեշտեց, որ առաջնահերթութիւնը Լիբանանի խախուտ կայունութիւնը պահպանելուն մէջ է: Ան կոչ ուղղեց Սուրիոյ պատերազմին մասնակցութեան վերջ տալու եւ ժողովրդավարութիւնը ազատ արձակելու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ շեշտեց, որ Հըզպալլա պատասխանատու է նախագահական թափուր աթոռի դրութեան, որովհետեւ ան իրանեան օրակարգեր կը գործադրէ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ստանձնած առաքելութիւնը դժուար է:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ ընդգծեց, որ ոչ ոք պէտք է կասկածի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նկատմամբ մեր դաշինքի ամրութեան վրայ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին հաստատեց, որ քաղաքական մակարդակի վրայ Դիմադրութիւնն է Լիբանանի պաշտպանը` աւելցնելով, որ եթէ ոմանք կը մտածեն, որ ապագային Դիմադրութիւնը Լիբանանի մէջ քաղաքական դերակատարութիւն չի կրնար ունենալ, ապա անոնք չարաչար կը սխալին:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ իրենց արձանագրած յաղթանակը Լիբանանի յաղթանակն է:
«ԷՄ. ԹԻ. ՎԻ.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի մինչեւ 20 հոկտեմբեր պիտի որդեգրէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին շեշտեցին երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու կարեւորութիւնը, նոյնիսկ եթէ այդ ընտրութիւնները կայանան 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Սէուտական Արաբիոյ գաղտնի սպասարկութեան տնօրէնը կը մերժէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նախագահ ընտրութիւնը:


