Զահլէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ժողովրդական պլոք կուսակցութեան հիմնադիր Էլիաս Սքաֆի մահուան Ա. տարելիցը:
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք կուսակցութեան ղեկավար Միրիամ Սքաֆ յայտնեց, որ Ժողովրդական պլոք կուսակցութիւնը միշտ միասնական պիտի մնայ, ինչպէս Սքաֆ ընտանիքը:
Ան նշեց, որ Ժողովրդական պլոքի որոշումը ազատ է եւ անոր աղբիւրը ժողովուրդն է, որովհետեւ ան միշտ նեցուկ կանգնած է մեզի:
Սքաֆ յայտնեց, որ իրենց քայլերը բնաւ գրաւներու եւ համաձայնութիւններու հետ չեն պայմանաւորուած, իսկ Էլիաս Սքաֆ սուղ վճարած է իր կեցուածքներէն եւ սկզբունքներէն չզիջելու գինը: «Էլիաս Սքաֆի մահէն ետք խիստ փոթորիկներ փորձեցին մեզի հեռացնել, սակայն Զահլէ զօրակցեցաւ մեզի: Մենք այս բոլոր դժուարութիւններուն կրցանք դիմանալ,
որովհետեւ Էլիաս Սքաֆի հոգին պաշտպանեց մեզ», ըսաւ ան:
Սքաֆ շեշտեց նաեւ, որ Ժողովրդական պլոք կուսակցութիւնը կը մերժէ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երրորդ անգամուան համար երկարաձգելու քայլը` հաստատելով, որ ընտրական նոր օրէնքի մը շուրջ համաձայնութիւնը պէտք չէ անկարելի ըլլայ:
«Ժողովրդական պլոք կուսակցութիւնը կը զօրակցի բաց քաղաքականութեան եւ համամասնական դրութեամբ ընտրական օրինագիծին», նշեց Սքաֆ: