
Ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս երէկ Թրիփոլիի մէջ աշխատանքային շրջապտոյտ մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրի հետ:
Տըրպաս յայտնեց, որ Շորթըրի այցելութեան նպատակն էր Լիբանանի եւ Բրիտանիոյ միջեւ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդել:
Իր կարգին, Շորթըր հաստատեց, որ միջազգային ընտանիքը կը շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանի ապահովութեան եւ բարգաւաճման:
Վարչապետարանին Մէջ

Միւս կողմէ, Տըրպաս նախանցեալ երեկոյեան վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Գերմանիոյ բարգաւաճման նախարար Ժերար Միլըրի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբեութիւնները, ինչպէս նաեւ սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը:
Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Տըրպաս գնահատեց գերմանական կառավարութեան զօրակցութիւնը Լիբանանին, յատկապէս սուրիացի գաղթականները Գերմանիա փոխադրելու եւ անոնց ապաստան հայթայթելու իմաստով:
Իր կարգին, Միլըր շեշտեց, որ Լիբանանի կողմէ աւելի քան մէկ միլիոն սուրիացի գաղթականներու հիւրընկալումը դրուատիքի արժանի է եւ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ:
Միլըր խոստացաւ Լիբանանի հետ գործակցութիւնը շարունակել` հաստատելով, որ Գերմանիա յանձնառու է Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումին:


