
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ նախագահեց Մուսթաքպալ հոսանքի ընթացիկ նիստին, որուն աւարտին կոչ ուղղուեցաւ երկրին սահմանադրութեան եւ անոր գործադրութեան յանձնառու մնալու համաձայն ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը:
Մինչ Հարիրի կը նախագահէր Մուսթաքպալ պլոքի նիստին, Կեդրոնական Պէյրութի անոր բնակարանը այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի քաղաքական հարցերու խորհրդական, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, որ հանդիպումէն ետք մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:
Մինչ այդ, Խալիլ կէսօրին խորհրդարանէն յայտարարած էր, թէ պարզ այցելութեամբ մը կարելի չէ զօր. Աունի հետ հարցը լուծել: «Իսկ նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստին ընթացքին օրինաթիւ գոյանալու պարագային մենք զօր. Աունի թեկնածութեան դէմ պիտի քուէարկենք եւ պիտի դառնանք ընդդիմութիւն, հակառակ անոր որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պիտի ըլլայ առաջինը, որ պիտի շնորհաւորէ զայն», ըսաւ Խալիլ:
Ան նշեց, որ իրենք կը զգան, թէ կը գտնուին սիւննի-քրիստոնեայ զոյգի մը դիմաց, ինչ որ էր պարագան 1943-ին:
Երեկոյեան շուրջ ժամը 8:00-ին, Հարիրի ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլը:
Նշենք, որ Հարիրի կէսօրէ առաջ ընդունեց մշակոյթի նախարար Ռոնի Արայժին, ընկերակցութեամբ` նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէի: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հարիրիի խորհրդական Ղաթթաս Խուրի:
Հանդիպումէն ետք Արայժի յայտնեց, որ այս հանդիպումը Հարիրիի հետ խորհրդակցութիւնները շարունակելու համար է:
Հարիրիի այցելեց նաեւ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր: Քննարկուեցան երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները:
Այն Թինէ
Միւս կողմէ, երեկոյեան Այն Թինէ այցելեցին նախարարներ Ուաէլ Ապու Ֆաուր, Աքրամ Շեհայէպ, երեսփոխան Ղազի Արիտի եւ Թայմուր Ժոմպլաթ, որոնք հանդիպում մը ունեցան խորհրդարանի նախագահին հետ` ներկայութեամբ նախարար Ալի Հասան Խալիլի:
Հանդիպումին ընթացքին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Թուիթըր»-ի վրայ կատարեց հետեւեալ արձանագրութիւնը. «Ըստ երեւոյթին գարունը մօտ է»:
Հանդիպումէն ետք Արիտի պատուիրակութեան անունով յայտնեց, որ իրենք կը շարունակեն խորհրդակցութիւնները, յատկապէս Պըրրիի հետ, որովհետեւ նախագահական ընտրութեան առումով Լիբանան կ՛ապրի դժուար եւ զգայուն օրեր ու ժամեր:
«Մենք քաղաքական բոլոր կողմերուն հետ խորհրդակցութիւնները կը շարունակենք, որովհետեւ մեր կարծիքով` լիբանանցիներուն միջեւ երկխօսութիւնը հիմքն է եւ Լիբանանի համար աւելի լաւ է, որ համաձայնութիւն գոյանայ եւ համագործակցութիւն կատարուի, որովհետեւ երկիրը յաւելեալ տագնապներ չի կրնար հանդուրժել», ըսաւ Արիտի:
Ան նշեց, որ իրենք կը հասկնան Պըրրիի կեցուածքը եւ կը սպասեն նորութիւններու` աւելցնելով, որ իրենք եւս դերակատարութիւն ունին երկրին քաղաքական կեանքին մէջ գործակցութեան եւ որոշումները տալուն առումով:
Արիտի իր խօսքը եզրափակեց նշելով, որ իրենց կարծիքը պիտի յայտարարեն յարմար պահուն:
Մեհրապ
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ երեկոյեան Մեհրապի մէջ ընդունեց երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը, որ գործուղուած էր զօր. Միշել Աունի կողմէ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական եւ յարաբերական հարցերու պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշի:
Հանդիպումէն ետք Քանաան մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Մուսթաքպալ պլոքին յայտնած է, թէ նախագահական ընտրութեան համար պիտի առաջադրէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում
համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը` աւելցնելով, որ ինք այդ իմաստով երաշխիքներ ստացած է` առանց նշելու այդ երաշխիքներուն բնոյթը:
«ԷԼ. ՊԻ. ՍԻ.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի այսօր պաշտօնապէս զօրակցութիւն պիտի յայտնէ զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան: Նոյն կայանին համաձայն, կը նախատեսուի, որ զօր. Աուն այսօր այցելէ Հարիրիի բնակարանը, ուր Հարիրի պաշտօնապէս պիտի որդեգրէ անոր թեկնածութիւնը:


