
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան վերադարձաւ Պէյրութ:
Միւս կողմէ, Հարիրի Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիին յղեց ցաւակցագիր մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց Սինայի մէջ եգիպտական բանակը թիրախ դարձուցած ահաբեկչական յարձակումը, որուն պատճառով նահատակուեցան եգիպտացի զինուորներ, որոնք կը գտնուէին իրենց երկրին ապահովական կայունութիւնն ու գերիշխանութիւնը պաշտպանելու ճամբուն վրայ:


