
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի գրասենեակներու նախագահ Ժերոմ Պոնաֆոն, ընկերակցութեամբ` Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոնի, երէկ շարունակեց լիբանանեան քաղաքական անձնաւորութիւններուն կատարած իր այցելութիւնները:
Այդ շրջապտոյտին ծիրին մէջ, ֆրանսական պատուիրակութիւնը Ռապիէի մէջ ընդունուեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կողմէ:
Քննարկուեցան լիբանանեան ներքին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
Պոնաֆոն այցելեց նաեւ Պնաշհի, ուր ընդունուեցաւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ներկայ իրադարձութիւնները:
Ֆրանսական պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի:
Երեկոյեան Պոնաֆոն հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Հըզպալլայի միջազգային յարաբերութիւններու պատասխանատու Ամմար Մուսաուիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան թղթածրարը եւ անոր զարգացումները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապն ու ահաբեկչութեան դէմ պատերազմին վերաբերող հարցեր:


