Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 19, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամ յառաջիկայ 3 եւ 4 նոյեմբերին պիտի մասնակցի Յունաստանի մէջ տեղի ունենալիք արաբական-եւրոպական տնտեսական խորհրդաժողովին:

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի գրասենեակը հաղորդեց, որ բանակը Սիր Տըննիէի եւ Հերմելի մէջ ձերբակալած է յանցագործներ եւ անոնցմէ գրաւած զէնքեր:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ Թուիթըր-ի մէջ արձանագրեց հետեւեալ նախադասութիւնը. «Վերջ. զօր. Միշել Աուն հանրապետութեան նախագահն է»:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմ կոչ ուղղեց զօրակցելու արաբ կնոջ կարողութիւններուն` օրէնսդրական եւ դրամական առումով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Շանթալ Սարգիսը նշանակեց կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ հոգեւոր խորհուրդի նախագահ, շէյխ Մոհամետ Եազպեք յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա մօտիկ ապագային պիտի արտասանէ ճառ մը` անդրադառնալու համար Պեքաայի ապահովական թղթածրարին:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան փոխնախագահ Սելիմ Սայեղ յայտնեց, որ իրենք կը սպասեն, որ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը առաջադրէ, որպէսզի իրենք կարենան վերջնական կեցուածք ճշդել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կեցուածքներուն առաստաղը բարձր է` աւելցնելով, որ իրենք երկկողմանի համաձայնութիւններով բաւարարուելու մթնոլորտին մէջ չեն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի իշխանութեան պետեր դառնալու պարագային 1960-ի ընտրական օրէնքը պահելը լիբանանցիներուն դէմ լարուած թակարդ մը կ՛ըլլայ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրը տակաւին առկայ է եւ ոչ ոք կրնայ անկէ դուրս գալ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կը շարունակէ զօրակցիլ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան որդեգրումը երկրին մէջ տիրող քաղաքական ներկայ տարազէն ոչինչ կը փոխէ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, նախարար Ալի Հասան Խալիլ նախանցեալ օր Փարիզի մէջ մասնակցեցաւ անյայտ կորսուած իմամ Մուսա Սատըրի նուիրուած խորհրդաժողովի մը, որուն ընթացքին կոչ ուղղեց ներողամտութեան եւ կրօններուն նկատմամբ բաց քաղաքականութեան որդեգրման:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան առումով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի առաջադրած նախաձեռնութիւնը տակաւին առկայ է:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Մոհամետ Մաշնուք մերժեց վարչապետի պաշտօնը քաղաքական սակարկութեանց աժան առիթ մը դարձնել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, նախկին երեսփոխան Սելիմ Աուն շեշտեց, որ իրենք գործակցութեան ձեռք կ՛երկարեն լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն` լիբանանեան պետութիւնը վերականգնելու իմաստով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ խորհրդակցութիւնները գրեթէ աւարտած են` աւելցնելով, որ ինք այդ խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները պիտի յայտարարէ, երբ որ անոնք աւարտին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարեկարգում պլոքի երեսփոխան Անուար Խալիլ շեշտեց, որ Զինուորական ատեանին  դերակատարութիւնը կարեւոր է` Լիբանանի դիմագրաւած այս արտակարգ պայմաններուն ընթացքին:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական սուր երկփեղկումը չ՛արտօներ, որ ընտրուի հանրապետութեան նախագահ մը, որ քաղաքական այս կամ այն խմբաւորումին կը պատկանի:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը առաջադրելու պարագային, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի պէտք է ապահով զգայ վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու իմաստով:

ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ շեշտեց, որ Եգիպտոս նախանձախնդիր է շրջանին մէջ իր դերակատարութեան եւ դիրքին պաշտպանութեան: Մըրատ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիին յղեց ցաւակցագիր մը` դատապարտելով Սինայի մէջ եգիպտական ջոկատին դէմ գործուած ահաբեկչական յարձակումը:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երաշխիքներ ստացած է` վարչապետի պաշտօնը վարելու առումով:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան փոխնախագահ Նիքոլա Սահնաուի մաղթեց, որ երկրին մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը վերահաստատուի եւ կարելի ըլլայ ընտրել Ազգային ուխտին հիմամբ ճշդուած հանրապետութեան հզօր նախագահ մը:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը Արքուպի վերեւ թռիչքներ գործեց:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրէ, եթէ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը անոր անձին շուրջ համաձայնութիւն չգոյացնեն:

Նոյն օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներէն, գրեց, որ վերջինս Հըզպալլային փոխանցած է, թէ ինք կը մերժէ զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը:

 

 

Նախորդը

Պաղտատի Մէջ Թրքական Դեսպանատան Առջեւ Բողոքի Ցոյց «Մենք Կը Զգուշացնենք Թուրքիան Հեռու Չերթալ Իրաքի Գերիշխանութիւնը Խախտելու Հարցին Մէջ» Կ՛ըսէ Ապատի

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարքը Մաղթեց, Որ Լիբանան Ունենայ Հանրապետութեան Նախագահ Մը

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.