Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Նիստ . «Նախագահական Ընտրութեան Մեր Թեկնածուն Օրինական Է, Եւ Կը Մերժենք Որեւէ Խօսք, Որ Կը Հակասէ Այդ Իրականութեան» Շեշտեց Ժրայսաթի

October 19, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

takattol-1_101816

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին:

Նիստէն ետք նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ 13 հոկտեմբերի յիշատակի ձեռնարկին առիթով զօր. Աունի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի արտասանած խօսքերուն բովանդակութիւնը կը փաստէր, թէ անոնք յանձնառու կը մնան, որ լիբանանեան պետութեան կերտումը երկրին բոլոր շերտերը ներառէ, այնքան ատեն որ Ազգային ուխտին նկատմամբ յարգանքին հիման վրայ կը կատարուի ատիկա:

jraysati_101816

Ժրայսաթի յայտնեց, որ առանց Ազգային ուխտին Լիբանան հայրենիք չէ: Ան շեշտեց, որ իրենց համար խստիւ մերժելի են կատարուած այն յայտարարութիւնները, թէ իրենք կը վերադառնան սիւննի-քրիստոնեայ երկկողմանի համաձայնութիւններուն: «Նման արտայայտութիւններ եւ մեկնաբանութիւններ անընդունելի են իրենց ձեւին եւ բովանդակութեան մէջ: Այդ արտայայտութիւնները պատասխանատու խօսքեր են, որոնք հաւանաբար դիտմամբ չեն կատարուած, սակայն սադրանքներու հրահրումին մաս կը կազմեն, հետեւաբար մենք ամէն գնով դէմ պիտի դնենք անոնց:

Կը մերժենք, որ մէկը մեզի սպառնայ քաղաքացիական պատերազմ բռնկեցնելու յանցանքով, որովհետեւ նման ամբաստանութիւն մեզի դէմ անկարելի է կատարել, որովհետեւ բոլորը գիտեն, թէ մենք ջիղ ունինք, սակայն ոչ ծայրայեղութիւն: Նախագահական ընտրութեան մեր թեկնածուն օրինական է եւ կը մերժենք որեւէ խօսք, որ կը հակասէ այդ իրականութեան: Ամէն մարդ ազատ է մեզի զօրակցելու եւ կամ մեզի մերժելու, սակայն առանց աւելորդ ամբաստանութիւններու», ըսաւ ան:

Ժրայսաթի հաստատեց, որ պետութեան իրենց ծրագիրը մէկ է եւ անիկա կը ներառէ քաղաքական բոլոր ուժերը, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ կը գտնէ Ազգային ուխտին հիման վրայ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական նոր օրէնքի մը մշակումը:

 

 

Նախորդը

Բանակը Արսալի Մէջ Ձերբակալեց Վտանգաւոր Ահաբեկիչ Մը Եւ Հրապարակեց Եասինի Խոստովանութիւնները

Յաջորդը

Մեհրապի Մէջ . Ժահժահ Հայաստանի Դեսպանին Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.