«Ճիշդ է, որ տարակարծութիւններ կ՛ունենանք, սակայն թշնամիներ չենք», յայտարարեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ նախանցեալ օր, Մեհրապի մէջ:
Կրթական համագումարի մը առիթով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահի կողքին արտասանած իր խօսքին մէջ Ապու Սաապ վերահաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը նախանձախնդիր է բոլոր կողմերուն հետ համախորհուրդ գործակցելու: Ապու Սաապ նշեց, որ նախատեսուող նորակազմ կառավարութիւնը պիտի ըլլայ ընտրութիւններու կայացման կառավարութիւն, որմէ ետք անիկա իշխանութիւնը պիտի առաջնորդէ դէպի նոր շրջան:
Աշակերտական Լիկայի Հիմնում
Միւս կողմէ, նախարար Ապու Սաապ խոստացաւ ցարդ իր պաշտօնավարած 34 ամիսներու կուտակուած թոշակը` 297 միլիոն 562 հազար լիբ. ոսկի, յատկացնել աշակերտական լիկայի մը հիմնումին` աշակերտները մասնակից դարձնելու համար կրթական եւ առնչակից հարցերու: Գումարը պիտի յատկացուի նշեալ ծրագիրին յատուկ ելեկտրոնային կայքի ստեղծման եւ յարակից ծախսերուն:
Ապու Սաապ այս առիթով նաեւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց ուսուցիչներուն արդար եւ բաւարար աշխատավարձ յատկացնելու պահանջին: