Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Կազմութեան Տեղքայլը Կը Շարունակուի

Դեկտեմբեր 17, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ ցուցաբերուող եւ դրսեւորուող կեցուածքներուն, կառավարութեան կազմութիւնը անգամ մը եւս ձգձգուեցաւ` սպասելով «վերջին քառորդ ժամուան» փրկարար որոշումին: Նախագահական պալատի մօտիկ աղբիւրներու համաձայն, նախագահ Աուն արգելք չունի ոեւէ մէկուն դէմ, աւելի՛ն, ինք փաղանգաւորներու համար յատուկ աթոռի վերապահումը պահանջած է կառավարութեան կազմին մէջ:

Արդարեւ, երէկ քուլիսային ճիգերը շարունակուեցան եւ առնչակից կողմեր վերահաստատեցին իրենց փափաքը շուտափոյթ լուծման մը գծով` կառավարական 24 թէ 30 հոգինոց նախարարներու կազմով: Այլ կողմեր սակայն, դրսեւորելով իրենց  կեցուածքները, սկսան առաւել եւս քողազերծել իրենց իսկական տեսակէտը կառավարութեան կազմութեան վերաբերեալ` բացայայտելով իրենց դժկամութիւնը այս կամ այն նախարարական պաշտօնին կամ «պետական նախարար»-ի հանգամանքին: Սակայն կայ նաեւ մետալին միւս երեսը, որ այն ինչ որ կարելի էր «քալեցնել» նախորդ շրջաններուն, ներկայիս կարելի չէ, նախագահ Աունի իշխանութեան օրով:

kanaan_61416f

Այս ծիրին մէջ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատու դէմքերէն երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ ընդգծեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը գրեթէ ամբողջացած է, եւ կը մնան լուսաբանուելիք կարգ մը կէտեր միայն: Քանաան յոյս յայտնեց, որ շուտով կառավարութիւնը կազմուի եւ «այս հարցը մեր ետին մնայ»: «Խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին կառավարութեան կազմութեան առումով, եւ պէտք է յանձնառու մնալ եւ որդեգրել սահմանադրութիւնն ու ազգային ուխտը յարգող չափանիշներ եւ սկզբունքներ: «Համամիտ ենք կառավարութեան կազմութեան որեւէ տարազի», ըսաւ Քանաան` շեշտելով, որ ոչ ոքի դէմ վեթոյի սկզբունք կայ: «Կառավարութեան կազմութեան մէջ կ՛ուղղուինք դէպի իսկական բաժնեկցութիւն, ուր կը յարգուին նախարարներու նշանակման լիազօրուած մարմինները:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Սամի Ժեմայել մամլոյ ասուլիս մը տալով քննադատեց ուժային եւ պետական նախարարի հանգամանքները եւ այս գծով ներկայացուող պատրուակները: «Ժամանակի գործօնը մեր դէմ կ՛ընթանայ, եւ արդէն այս կառավարութիւնը վեց ամսուան կեանք ունի», յիշեցուց Ժեմայել` կոչ ուղղելով հասարակաց միացեալ չափանիշներ որդեգրելու կառավարութեան կազմութեան մէջ:

Միւս կողմէ, լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներ «խոչընդոտներ ստեղծել» որակեցին կառավարական 30 նախարարներէ բաղկացած տարազի որդեգրումը:

Լաւատես ու յոռետես կեցուածքներու «տողանցքին» միջեւ լիբանանցիք անհամբեր կը սպասեն սպիտակ ծուխին, որ թափ պիտի տայ իշխանութեան կողքին նաեւ երկրի տնտեսական եւ հետեւաբար` իրենց վիճակի բարելաւման ճիգերուն:

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Հայաստան Հրաւիրեց Լիբանանի Նախագահ Միշել Աունը

Յաջորդը

«Պաքու 5 Միլիառ Տոլարի Սպառազինութիւն Գնած Է Իսրայէլէն» Կ՛ըսէ Ալիեւ

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?