Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշհիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի բարգաւաճման հեռանկարները:
Հանդիպումէն ետք Ֆաթհալի շեշտեց, որ Ֆրենժիէ Դիմադրութեան ճակատի նշանաւոր ղեկավարներէն է, որ ունի յստակ տեսակէտներ, ինչպէս նաեւ թափանցիկ ու անկեղծ կեցուածքներ:
Ֆաթհալի նշեց, որ ինք Ֆրենժիէն շնորհաւորած է տօնական օրերուն առիթով` ողջունելով Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը:
«Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը Լիբանանի համար նուաճում է: Կը մաղթենք, որ նորակազմ կառավարութիւնը Լիբանանի եւ լիբանանցի ժողովուրդին համար կարենայ բարիք ապահովել», ըսաւ ան: