Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճիգերը Կը Կեդրոնանան Կառավարութեան Կազմութեան Փութացման Վրայ

December 16, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քուլիսային խորհրդակցութիւնները վերսկսան կառավարութեան կազմութեան դէմ ցցուող արգելքներու վերացման գծով:

Ըստ իրազեկ աղբիւրներու, Հըզպալլա քուլիսային ճիգերու լծուած է փութացնելու կազմութիւնը ընդլայնուած կառավարութեան, ուր իրենց արդար բաժինը ունենան լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը:

Նոյն ծիրին մէջ, նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի եւս կեդրոնացած է նախարարական պաշտօններու «վերադասաւորման» վրայ` իրագործելու համար նախագահի ընտրութենէն ետք սահմանադրական երկրորդ կարեւորագոյն ժամկէտի պահանջը: Այս պարունակին մէջ կու գայ երէկ երեկոյեան անոր այցելութիւնը Քլեմանսօ եւ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ խորհրդակցութիւնը:

Նմանապէս, առնչակից կողմեր չվարանեցան բարձրաձայն բացայայտելու կառավարութեան կազմութեան գծով իրենց վճռակամութիւնը: Ա՛յս դիտանկիւնէն պէտք է ըմբռնել նախագահ Միշել Աունի յայտարարութիւնը երէկ, թէ կառավարութեան կազմութեան իրագործումը անհրաժեշտ է յատկապէս ներկայ հանգրուանին, երբ Լիբանանի նկատմամբ արաբական թէ միջազգային վստահութիւնը օրըստօրէ կը շեշտուի եւ կ՛ամրագրուի` խթան հանդիսանալով Լիբանանի մէջ բարգաւաճման ու ծաղկումի նոր շրջանի մը:

Նմանապէս, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ կոչ ուղղեց դիւրացնելու կառավարութեան կազմութեան «երկունք»-ի հարթումը եւ փութացնելու կառավարութեան կազմութիւնը:

Նոյն ծիրին մէջ, Մուսթաքպալ հոսանքն ու Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը շեշտեցին կառավարութեան կազմութեան հրամայականը եւ անոր փութացման անհրաժեշտութիւնը` իւրաքանչիւրը ի՛ր դիտանկիւնէն դրսեւորելով խոչընդոտներու վերացման դերն ու ձեւը:

Իր կարգին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մաարապի մէջ տեղի ունեցած կրթական համագումարին առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ վերահաստատեց, որ ոչ ոքի դէմ վեթօ կայ, այլ հարցը իրաւունքներու պահպանման անհրաժեշտութիւնն է: Այս եւ նման կեցուածքներ շեշտուեցան երէկ` փորձելով «փակել» այս էջը` արդար դասաւորում կատարելով կողմերու իրաւունքներուն, ուր խոչընդոտները կը գտնուին մանրամասնութեանց մէջ:

Արդարեւ, Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը, դժգոհ` ցուցաբերուող անտեսումէն, տրամադրութիւն յայտնած էր պոյքոթի ենթարկելու եւ մաս չկազմելու կառավարութեան, եթէ ուժային նախարարութիւն մը չվերապահուի իրեն:

Նմանապէս ուշագրաւ էր երեսփոխան Թալալ Արսլանի կեցուածքը, ուր ան կոչ կ՛ուղղէր նախագահ Աունին` «լրջօրէն նկատի առնելու» տիւրզիներու իրաւունքի պահպանման անհրաժեշտութիւնը:

Սակայն նշեալ կեցուածքներուն լոյսին տակ եւ յատկապէս տողատակի ընթերցումով ակնյայտ է, որ լիիրաւ իրաւունքներով կառավարութեան կազմութեան փութացման պահանջը հիմնականին մէջ արգասիքն է պատկան կողմերու ցուցաբերած նախանձախնդրութեան` ամրակուռ իշխանութեամբ պատնէշ կանգնելու եւ պաշտպանելու Լիբանանը շրջանը հարուածող քաղաքական եւ յատկապէս ապահովական փոթորիկներուն դէմ:

Շրջանային գրեթէ բոլոր փոթորիկները իրենց անդրադարձը ունեցած են Լիբանանի քաղաքական, ապահովական թէ տնտեսական իրավիճակին վրայ: Լիբանանը հարուածած երկարամեայ պատերազմը ցայտուն օրինակներէն մէկն է:

Այս տրամաբանութեամբ ու նկատի ունենալով Միջին Արեւելքի, յատկապէս դրացի Սուրիոյ ապահովական իրադարձութիւնները, լիբանանցի ղեկավարներ նախանձախնդիր են, որ կողմերէն մէկուն կորուստը ժխտական անդրադարձ չունենայ լիբանանեան հրապարակին վրայ:

Այս իմաստով, սուրիական պատերազմին մէջ անկիւնադարձային իրագործում նկատուող Հալէպի ազատագրումը ՏԱՀԵՇ-ի ճիրաններէն կրնայ վերջինը մղել իր «մաղձը թափելու» շրջանի «տկար» հողատարածքին` Լիբանանի վրայ` ահաբեկչական գործողութիւններ կատարելու հոն, ուր ձեռնտու է:

Այս մտավախութիւնները եւ ՏԱՀԵՇ-ի մօտ առեւանգեալ լիբանանցի զինուորականներու ճակատագիրին գծով վերջին օրերուն շրջան ընող ցարդ չհաստատուած անպաշտօն տեղեկութիւնները հիմնական խթան են Լիբանանը զերծ պահելու ՏԱՀԵՇ-ի «փոթորիկ»-ի հարուածներէն:

Այս մտավախութիւններու լոյսին տակ լիբանանեան պատկան ղեկավարներ լծուած են սերտ ճիգերու` ներքին եւ արտաքին ժամկէտներու մարտահրաւէրները դիմակալելու համար:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Կը Շեշտէ Արաբական Եւ Յատկապէս Ծոցի Երկիրներու Ներդրումին Կարեւորութիւնը Լիբանանի Մէջ

Յաջորդը

Մանչեսթըր Սիթի Հետաքրքրուած` Քոքէով

RelatedPosts

Շէյխ Տրիան Եւ Դեսպան Պուխարի.  «Լիբանանի Փրկութիւնն Ու Կանգնումը Միայն  Զէնքի Վերջնական Մենաշնորհումով Է»
Լիբանանեան

Շէյխ Տրիան Եւ Դեսպան Պուխարի. «Լիբանանի Փրկութիւնն Ու Կանգնումը Միայն Զէնքի Վերջնական Մենաշնորհումով Է»

January 20, 2026
Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներ
Լիբանանեան

Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներ

January 20, 2026
Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան  Արաբ Նախարարներու Նիստը Աւարտեցաւ
Լիբանանեան

Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Արաբ Նախարարներու Նիստը Աւարտեցաւ

January 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.