15 դեկտեմբեր 2016-ին Ղազախստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Վազգէն Գաւլաքեան, Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարար Երլան Ատրիսովի կողմէ պարգեւատրուեցաւ «Անկախութեան 25-ամեակ»-ի մետալով: Սոյն մետալով պարգեւատրուեցաւ նաեւ Ղազախստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանը:
Այս առիթով Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարար Ատրիսով շնորհաւորեց դեսպանները եւ յայտնեց, թէ զանոնք կը պարգեւատրէ Ղազախստանի նախագահին անունով, անոնց թափած դիւանագիտական անսակարկ ջանքերուն համար, ոչ միայն երկիրներու միջեւ, այլեւ տեղւոյն նախարարութիւններուն եւ քաղաքացիական հասարակութիւններուն հետ:
Իր խօսքին մէջ նախարար Ատրիսով ըսաւ, որ ան մօտէն կը հետեւի Լիբանանի քաղաքական անցուդարձերուն: Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ Լիբանանի խորհրդարանը ընտրեց երկրին նախագահը, նախագահական պաշտօնին մօտ երեսուն ամիս թափուր մնալէն ետք: Ան Լիբանանին մաղթեց խաղաղութիւն, ապահովութիւն եւ բարգաւաճում: Նախարար Ատրիսով արտայայտեց իր խոր համոզումը, թէ զոյգ երկիրներուն միջեւ այսուհետեւ յարաբերութիւնները աւելի պիտի ամրապնդուին: Ան ըսաւ, թէ ինչպէ՛ս նախագահի ընտրութենէն ետք Լիբանանին կը սպասէ ծաղկուն ապագայ, նո՛յնպէս ալ իր մաղթանքն է, որ այդ մէկը իր բարի արտացոլացումն ու անդրադարձը ունենայ նաեւ արաբական այլ երկիրներու վրայ, ուր ժողովուրդները տագնապներ կ՛ապրին ու կը տանջուին:
Նախարար Ատրիսով իր խօսքի աւարտին գնահատեց դեսպան Գաւլաքեանի անձնական ջանքերն ու նախաձեռնութիւնները` արաբական զանազան պատուիրակներուն մօտէն ծանօթացնելու երկրին, այցելութիւններ տալով զանազան նախարարութիւններու եւ տարբեր նահանգապետերու: