Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ շաբաթավերջին հանգստացուց կառավարութեան «թնճուկով» մտահոգ լիբանանցիները, թէ կառավարութիւնը պիտի կազմուի եւ անիկա պիտի ըլլայ զօրաւորագոյնը:
«Այս կառավարութիւնը ընտրութեան կառավարութիւն է եւ անոր տեւողութիւնը հինգ ամիս է, սակայն այս չի նշանակեր, թէ խորհրդարանի երեսփոխաններու պաշտօնավարութեան ժամկէտը պիտի երկարաձգուի», ընդգծեց Պասիլ: «Նախարարական պաշտօնը ոչ ոքի սեփականութիւնն է, անիկա բոլոր լիբանանցիներուն համար է հաւասարապէս», շեշտեց նախարար Պասիլ: