Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Այն, ինչ որ կրնամ ըսել, հետեւեալն է` պատերազմ չկայ»` հարց տալով. «Իսրայէլ Լիբանանի դէմ իր պատերազմը դադրեցո՞ւց»:
Խորհրդարանի նախագահը տիրող լարուած մթնոլորտը վերագրեց «ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաքի արտայայտած վերջին կեցուածքներուն:
Պըրրի յիշեցուց, որ Լիբանան ամբողջական կերպով յանձնառու է նոյեմբեր 2024-ին յայտարարուած զինադադարին` շեշտելով, որ երկիրը նաեւ յանձնառու է Մեքանիզմի յանձնախումբին մէջ որդեգրուած գործիքակազմին` կրկնելով. «Կարելի է մասնագէտ քաղաքայիններու դիմել, երբ ատոր կարիքը ըլլայ»:
«Այն, ինչ որ մասնագէտ ըսելով ըսել ուզեցի, բացատրութեան, մեկնաբանութեան կամ աղաւաղման կարիք չունի. մասնագէտներ կը նշանակէ մասնագէտներ, բան մը, որ բազմաթիւ պարագաներու կը կիրարկուի:
«Ինչ կը վերաբերի բանակցութիւններուն, ապա ուղղակի բանակցութիւններ չկան: Ես անձնապէս, 7,5 տարի ծովուն մէջ կազի հարցով ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի եւ ուրիշներու հետ բանակցեցայ, եւ վերջաւորութեան հասանք Իսրայէլի հետ շրջագծային համաձայնութեան: Ինչպէս նախապէս ըսի, Մեքանիզմի յանձնախումբին մէջ կայ կիրարկուող գործիքակազմ մը, որուն մենք յանձնառու ենք»:
Պատասխանելով հարցումի մը` խորհրդարանի նախագահը գոհունակութիւն յայտնեց Մսայլեհի մէջ վերաշինութեան խորհրդաժողովի գումարման նկատմամբ` շեշտելով. «Այդ հարցը պետութեան մէջ առնչակից կողմերուն կողմէ հետապնդման կը կարօտի, առաւելագոյն ուշադրութեան տրամադրման, անհրաժեշտ բաներու եւ կարելիութիւններու ապահովման, շտապ կերպով մեկնարկելու համար իսրայէլեան յարձակումին պատճառով վնասուած շրջաններու վերաշինութեան աշխատանքը»:


