. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ քաղաքական աղբիւր մը «Լեպանոն Տիպէյթ»-ին. «Ուաշինկթըն աշխատանք կը տանի տարեվերջէն առաջ փակելու Լիթանի գետի հարաւին մէջ զէնքի մենաշնորհման թղթածրարը, միաժամանակ սկսելով Իսրայէլի հետ բանակցային հոլովոյթին, որուն պիտի յաջորդէ նոր փուլ մը, որուն նպատակն է նոր տարուան առաջին երեք ամիսներուն ընթացքին Լիթանի գետէն հիւսիս զէնքի մենաշնորհում կատարել»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ կէսօրին յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի Սուր գաւառի Թաուրա գիւղին վրայ: Արձանագրուեցան զոհ մը եւ երեք վիրաւորներ:
Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի պնդեց, թէ իսրայէլեան բանակը յարձակում գործած է Հըզպալլայի անդամներու վրայ, որոնք կուսակցութեան սակրաւորներու միաւորներուն պատկանող ենթակառոյցի մը մէջ գործած են:
. ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Լիբանանի կացութիւնը ուշադիր եւ ճշգրիտ լուծելու, ինչպէս նաեւ անոր ներքին փլուզումը կամ արտաքին պայթեցումը կանխարգիլելու համար կապեր հաստատուած են Վատիկանի, Ուաշինկթընի եւ Փարիզի հետ հակառակ այս հաղորդակցութիւններուն. Ուաշինկթընի արձագանգին չափը կը մնայ անյայտ»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Մինչեւ երէկ գիշեր Ուաշինկթընէն հանրապետութեան նախագահի բանակցութիւններու առաջարկին վերաբերեալ Իսրայէլի դիրքորոշման մասին որեւէ պատասխան չհասաւ, ուստի հարցերը տեղքայլի մէջ են»:
. ԱՐԱԲԱԿԱՆ դիւանագիտական աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Լիբանանի ճակատին վրայ մագլցումի կարելիութիւնը այն մակարդակի վրայ չէ, որ կրնայ մեծ վատթարացման նկատմամբ մտահոգութիւն յառաջացնել: Հորիզոնին վրայ վտանգաւոր զարգացումներ չեմ տեսներ, այլ կարգաւորման ձեւակերպման շարունակուող ջանք կը տեսնեմ»:
. ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթի տեղեկութեան, նախապատրաստական աշխատանք կը տարուի յաջորդ շաբաթ Պէյրութ կատարելիք այցելութեանը համար Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Թոնի Պլերի, որ պիտի գլխաւորէ պատուիրակութիւն մը, որուն բնոյթն ու անդամներուն ազգութիւնը տակաւին յայտնի չեն, սակայն հաւանաբար պիտի ներառէ Կազայի հարցին մէջ անոր օգնող փորձագէտներու խումբը»:
. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Անպա» օրաթերթին. «Ուշադրութեան կեդրոն է եգիպտական քայլը, որ, ինչպէս յայտարարութիւններ կատարելու եւ դիրքորոշումներ արտայայտելու սովորութիւն չունեցող անվտանգութեան պաշտօնատարներու (նկատի ունի եգիպտական հետախուզութեան ղեկավարը) կողմէ կառավարուող որեւէ քայլի պարագային կը մնայ լուռ եւ լուսարձակներէ հեռու»:
. «ԱՆՊԱ» օրաթերթի բացառիկ տեղեկութեան համաձայն, «հանրապետութեան նախագահը որեւէ միջոց չի խնայեր Լիբանանի բարեկամներուն օգնութիւնը խնդրելու` ճնշում գործադրելու համար Իսրայէլի վրայ, որպէսզի ընդառաջէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը գործադրելու եւ զինադադարի համաձայնութիւնը յարգելու լիբանանեան պահանջներուն»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Նախագահ Աուն ճշդեց Իսրայէլի հետ որեւէ բանակցութեան պարագային լիբանանեան պատուիրակութեան կարգ մը դէմքերը, որոնց շարքին է Ուաշինկթընի մէջ Միջին Արեւելքի հիմնարկի պետ դոկտ. Փոլ Սալեմը, ինչ որ զարմանք յառաջացուց անոր մերձաւորներուն մօտ, որոնք անոր հարցուցին, թէ ներկայացուցչութեան մակարդակը բարձրացնելով քաղաքագէտներ ներառելու վերջնական որոշում գոյութիւն ունի՞, որովհետեւ Սալեմը պարզապէս թեքնիք մասնագէտ կամ փորձագէտ մը չէ»:
. ՇԻԻ երկեակէն ազդու աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Դրականութիւնը ամէն բանէ գերակայ է` առանց անձնատուութեան որեւէ ձեւ ընդունելու»:
. ԱՅՆ Թինէի շրջանակները «Ասաս»-ին. «Խոչընդոտումը իրենց կողմէ է եւ ոչ թէ` մեր: Թող հրամեն ու օրէնսդրական աշխատանք կատարեն, եւ ներկայիս ընտրական օրէնքներուն քննարկման տեղը յանձնախումբերն են»:
. ՄՈՒՍԹԱՖԱ Ալլուշ «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին. «Ամէնէն հաւանական ընտրանքը բաց ճակատումն է, որ կրնայ խորհրդարանի աշխատանքի խափանման յանգեցնել, ինչպէս նաեւ այն հաւանականութիւնը, որ սահմանադրական ժամկէտներու հասնինք առանց որոշումներու որդեգրման»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Պապին այցելութեան յետաձգումը կամ ջնջումը խիստ անհաւանական է»:


