Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Նոյեմբեր 8, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթ. «Բացառուած չէ, որ Իսրայէլ շղթայազերծէ լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ Հըզպալլայի թիրախներու դէմ քանի մը օրուան վրայ երկարող կանխարգելիչ գործողութիւն մը»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ զինուորական պատասխանատու մը. «Եթէ լիբանանեան բանակը Հըզպալլան չկազմաքանդէ, Իսրայէլ ամերիկեան աջակցութեամբ յարձակում պիտի գործէ Լիբանանի բոլոր շրջաններուն, որոնց շարքին` Պէյրութի մէջ կուսակցութեան դիրքերուն վրայ»:

. «ՄՈՒՏՈՒՆ»-ի տեղեկութեան համաձայն, «Իսրայէլ կը պնդէ զինուորական մեծ հարուածի մը շղթայազերծման վրայ, որուն նպատակը մղում կատարելն է դէպի քաղաքական ուղի մը, որ Հըզպալլան չի կրնար խոչընդոտել, իսկ Միացեալ Նահանգները կը պնդեն քաղաքական ճնշումը շարունակելու վրայ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Լիուա» օրաթերթին. «Իսրայէլեան յարձակումներու ստուերը տիրեց նախարարաց խորհուրդի նիստին վրայ, ուր մանրամասն կերպով քննարկուեցան բանակի հրամանատարութեան զեկուցումը, ձեռք բերուած յառաջընթացը եւ յարձակումներու շարունակութեան պատճառով յառաջացող խոչընդոտը»:

. ՇԻԻ երկեակէն բարձրաստիճան աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Նախարարաց խորհուրդին ընտրական օրէնքին վերաբերեալ որդեգրած որոշումը յստակ կողմնակալութիւն է եւ հանրապետութեան նախագահի մէկ շաբաթէ ի վեր գործածած համաձայնական տարազի յեղաշրջում»:

«Որոշումը օրինական է, սակայն ազգային համաձայնութեան ոչ համահունչ, եւ ամէնէն կարեւորը` անգամ մը եւս կայ մէկը, որ կ՛ուզէ երկիրը քաղաքական մարտահրաւէրի եւ բախումի տանիլ», աւելցուց աղբիւրը:

. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանանի ներկայ իրավիճակին մէջ տարակարծութիւնը, կարծես, բանակցութիւններու սկզբունքին շուրջ չէ, այլ բանակցութեան ձեւին եւ իրաւական ու քաղաքական սահմաններուն: Բանակցութիւնները քաղաքական ճանաչման անընդունելի ձեւ նկատողներուն եւ նպատակը իրաւունքներու ապահովումն ու պաշտպանութիւնը ըլլալուն համար ձեւը խնդիրին խորքը չնկատողներուն միջեւ կրկին ի յայտ կու գայ հին երկընտրանքը` բանակցութիւնները միջո՞ց են, թէ՞ զիջում»:

«Աւելի խոր մարտահրաւէրը այն է, որ բանակցութիւնները մնան սահմանները պաշտպանելու գործիք, եւ ոչ թէ` ուժերու հաւասարակշռութիւնը փոխելու միջոց: Շրջանային բարդ պահումը, ուր փոխզիջումներն ու ճնշումները զիրար կը խաչաձեւեն, Լիբանանը, կարծես, կը փորձէ պահպանել իր դժուարագոյն հաւասարակշռութիւնը` առանց իր սկզբունքները զիջելու մարտավարութեան մէջ դրականութիւն, եւ առանց ազգային գերիշխանութեան էութիւնը խախտելու, անհրաժեշտութեան պարագային բանակցութիւններ», կը նշէ աղբիւրը:

. ԱՌՆՉԱԿԻՑՆԵՐ «Ասաս Միտիա»-ին. «Հըզպալլայի հրապարակած հաղորդագրութիւնը փաստագրուած ապացոյց մըն է, թէ բանակցութիւնները անխուսափելի կերպով տեղի պիտի ունենան, անոնց պատրաստութիւնը ընթացքին մէջ է եւ «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին մէջ քաղաքական դերասանութեան մասին խօսքը ճիշդ չէ»:

. ԱՌՆՉԱԿԻՑՆԵՐ «Ասաս Միտիա»-ին. «Հըզպալլայի հաղորդագրութիւնը ուղղուած է միայն իր համակիր զանգուածին` բեմագրութեամբ մը, որ կը նոյնանայ 2020 թուականի բեմագրութեան»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը գոհ չեղան Հըզպալլայի բաց նամակէն եւ կապ հաստատեցին խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի հետ, որ թուեցաւ նամակի բովանդակութենէն անակնկալի մատնուած ըլլալ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Հըզպալլայի հաղորդագրութիւնը ոչ ոքի ուղղուած մագլցում էր, այլ արտայայտեց Հըզպալլայի քաղաքական որեւէ բանակցութեամբ չհետաքրքրուած ըլլալու դիրքորոշումը: Կուսակցութեան ղեկավարութիւնը որոշեց այս ձեւը որդեգրել, որպէսզի անտեղի մեկնաբանութիւններ բացառող փաստաթուղթ ըլլայ»:

. ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԷՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Բաց նամակը ինչո՞ւ դրական ձեւով չ՛ընկալուիր, որովհետեւ այդտեղ մեր նշածը ուղղակի պատասխան է պատուիրակներու նախաձեռնութիւններուն, եւ մենք յանձնառու ենք զինադադարի համաձայնութեան»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Պաղեստինեան ղեկավարութիւնը Էլիօ Ապու Հաննայի սպանութենէն ետք վճռական որոշում տուաւ պայքարելու թմրեցուցիչներու ախտին դէմ եւ պաղեստինեան ազգային ապահովութեան ուժերուն պարտականութիւն տուաւ այդ առաքելութիւնը կատարելու»:

. ՍՈՒՐԻՈՅ մէջ Լիպիոյ դեսպան Ուալիտ Ամմար «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին. «Լիպիական կառավարութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնեց իմամ Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն հարցին շուրջ գործակցելու, եւ լիբանանեան կողմերուն հետ համակարգում տեղի պիտի ունենայ»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Խիստ գաղտնի հարցաքննութիւն տեղի կ՛ունենայ Լեռնալիբանանի մէջ հեղինակաւոր դպրոցի մը ուսանողուհիներու, որոնք կը բաժնէին շաքարներ, որոնց գծով ի յայտ եկաւ, թէ անոնք թմրանիւթ կը պարունակէին»:

. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները բարձրացան 12000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 1.416.000 լ.ո.-ի եւ 1.456.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը բարձրացաւ 28000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.368.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 1.060.000 լ.ո.:

Նախորդը

Ճատրակ. Շանթ Եւ Գաբրիէլ Սարգսեաններ Հասան Գ. Հանգրուան

Յաջորդը

Շէյխ Քապալան. «Իսրայէլ Բացարձակ Չարիք Է, Իսկ Անկէ Աւելի Մեծ Չարիքը Անոր Հետ Բանակցիլն Է»

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանան Նուրբ Փուլէ Կ՛անցնի, Շրջանային  Շրջադարձի Մը Պայմաններուն Մէջ,  Որոնց Լուսանցքին Վրայ Չի Կրնար Մնալ»
Լիբանանեան

Պատասխանելով Հըզպալլայի Բաց Նամակին` Սալամ. «Պատերազմի Եւ Խաղաղութեան Որոշումը Վերապահուած Է Պետութեան, Եւ Ոչ Ոք Այդ Որոշումը Տալու Իրաւասութիւն Ունի»

Նոյեմբեր 8, 2025
Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութիւնն Ու Եուրոփոլը Կը Նշեն.  «Հըզպալլան Տակաւին Վտանգաւոր  Կազմակերպութիւն Մըն Է, Որ Մտադիր Է  Արտասահմանի Մէջ  Իր Ներկայութիւնը Պահպանել»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Այսուհետեւ Իրանին Եւ Հըզպալլային Կարելի Չէ Արտօնել Լիբանանը Գերի Պահել»

Նոյեմբեր 8, 2025
Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Պաղեստինցիներուն Որդեգրած Որեւէ Որոշումի, Որ Ցեղասպանութեան Դադրեցման Եւ Իսրայէլեան Ուժերու Կազայէն Հեռացման Կը Յանգեցնէ»
Լիբանանեան

Թեհրան. «Կը Դատապարտենք Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Վայրագ Օդային Յարձակումները»

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?