Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերով նախկին տեղակալ Տէյվիտ Հէյլ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ ամերիկեան դիւանագիտական անձնակազմէն հանգստեան կոչուելէն ետք կառավարութեան անունով չի խօսիր, այլ անձնական կարծիքը կու տայ, «եւ Միջին Արեւելքի հիմնարկն է այն կողմը, որ շրջան այցելութիւնս հովանաւորեց»:
Հէյլ նշեց, որ յունիսին այցելած է Լիբանան, եւ այսօր կը վերադառնայ մէկուկէս շաբաթ առաջ Իսրայէլ այցելելէ ետք:
«Ուաշինկթընի մէջ Դեմոկրատական եւ Հանրապետական կուսակցութիւններուն ճամբով, զինադադարի ամրապնդման աջակցութեան եւ Լիբանանի ու Իսրայէլի մէջ հաւասարապէս կացութիւններու բարելաւման համար կարելին ընելու բարի կամեցողութեան բարձր մակարդակ գոյութիւն ունի», ըսաւ ան:
«Ամերիկեան այս յանձնառութիւնը սովորականէն անդին անցաւ», յայտնեց Հէյլ` նշելով. «Ուղղակի կերպով Միացեալ Նահանգներու նախագահին անունով խօսող Մորկըն Օրթէյկըսի եւ Թամ Պարրաքի նման անձնաւորութիւններու ներգրաւումը սովորական բան մը չէ, այլ Լիբանանին օգնելու ամերիկեան խոր յանձնառութիւնը կ՛արտացոլէ»:
«Ուաշինկթըն առաւելագոյն կարեւորութիւն կ՛ընծայէ տնտեսական եւ ելեւմտական բարեփոխումներուն, որոնք բոլորը գիտեն, թէ անհրաժեշտ են վերջին տարիներու տագնապներէն դուրս գալու համար», շեշտեց ան:
«Լիբանան որքա՛ն յաջողի կայունութիւնը ամրապնդել, զէնքին ու սահմաններուն վրայ պետութեան վերահսկողութիւնը վերականգնել, այնքան միջազգային ընտանիքին անոր տնտեսութեան վերակենդանացման մասնակցելու կարողութիւնը կը մեծնայ», ըսաւ նախկին դեսպանը:
«Մագլցումի վտանգը տակաւին կը մնայ, սակայն անխուսափելի չէ», յայտարարեց Հէյլ` աւելցնելով. «Երբ Իսրայէլ էի, այդտեղի պաշտօնատարներէն Լիբանանին վնաս պատճառելու փափաք չլսեցի: Ընդհակառակն` լիբանանեան ղեկավարութեան, հանրապետութեան նախագահէն մինչեւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ եւ ուրիշներ, կարողութեան նկատմամբ վստահութիւն նկատեցի, ինչպէս նաեւ յստակ հետաքրքրութիւն` ամերիկեան ներգրաւման նկատմամբ»:
Հէյլ նաեւ զգուշացուց. «Իսրայէլ կրնայ միակողմանի կերպով գործել, եթէ տեսնէ, թէ լիբանանեան բանակը Հըզպալլայի զինաթափման համար բաւարար արագութեամբ չի գործեր, եւ ատիկա ոեւէ մէկուն շահերէն բխող բան մը չէ»:
«Իսրայէլ չի ձգտիր լիբանանեան հողեր բռնագրաւելու, այլ այն, ինչ որ կը կատարէ, զինադադարի համաձայնութեան ամբողջովին չգործադրուելուն առնչուած մարտավարական գործողութիւն է», ընդգծեց Հէյլ:


