Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ «Ախպար» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Մեզի համար Իսրայէլի հետ ըլլայ ուղղակի կամ անուղղակի բանակցելու արգելք գոյութիւն չունի: Սակայն աւելի կարեւորը այն խաղաքարտերն են, որոնք կրնանք օգտագործել եւ երաշխիքները, որոնց կրնանք ձգտիլ:
«Լիբանանին, հակառակ բանակցութեան եւ յարաբերութիւններու բնականոնացման դէմ եղող իր դիրքորոշումին, պարզապէս այդ մէկը ընդունիլը պէտք է գին ունենայ եւ ոչ թէ ձրի կերպով տրուի: Օրինակ` պէտք է պայմանաւորեալ ըլլայ բանակցութեան սկզբունքին դիմաց իսրայէլացիին զինադադարը յարգելով, յարձակումները դադրեցնելով, գերիները վերադարձնելով եւ իր բռնագրաւած հողերէն հեռացումով»:
«Զէնքը ուժեղ խաղաքարտ մըն է, որուն նպատակը Լիբանանը պաշտպանելն է: Զինաթափման հարցը բանակցութեան սեղանի վրայ կը դրուի յստակ ու աստիճանական ծրագիրի մը հիմամբ, Լիբանանը իսրայէլացի թշնամիէն պաշտպանելու, անոր գերիշխանութիւնն ու իր ազգային հարստութիւններուն վերահսկողութիւնը երաշխաւորող, Միացեալ Նահանգներու հետ հասարակաց պաշտպանութեան համաձայնութեան կամ Ապահովութեան խորհուրդի որոշումի ճամբով ամերիկեան եւ ՄԱԿ-ի երաշխիքներէ նուազ չեղող գինի դիմաց:
«Բայց, այսօր առաջադրուածին նման, ուղղակի բանակցութեան երթալուն` առանց որեւէ ծրագիրի, եւ նախապէս մեր բոլոր ունեցածները զիջելուն եւ մեզմէ պահանջներուն ընդառաջելուն, բնականաբար մենք չենք զօրակցիր, մանաւանդ որ իսրայէլացին կ՛ուզէ, որ ամէն բան յանձնենք առանց ատոր դիմաց որեւէ յանձնառութիւն ստանալու»:
Անդրադառնալով 2026-ի ընտրութիւններուն ընտրական նոր դաշինքներու ռազմավարութեան գոյութեան մասին հարցումի մը` Պասիլ ըսաւ. «Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը բոլոր ուժերուն նկատմամբ դրական տրամադրուած է եւ արգելք չունի որեւէ կողմի հետ ընտրական դաշինքներ կնքելու, բացի եթէ այդ դաշինքը մեր սեփական որոշումով չէ, այլ երկրորդ կողմէ պարտադրուած, ուրիշին ընտրական կարիքներուն եւ շահերուն համաձայն է:
«Այստեղ գոյութիւն ունի այն մտավախութիւնը, որ արտաքին շրջաբերական մը ներքին կուսակցութիւններուն եւ անկախներուն արգիլէ մեր հետ դաշնակցիլ, եւ հաստատ է, որ երկրին մէջ մեզի շրջափակումի ենթարկելու եւ թեկնածուներու մեզի հետ դաշնակցիլ արգիլելու աշխատանք գոյութիւն ունի»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ազգային ազատ հոսանքը պատրա՞ստ է Հըզպալլայի հետ ընտրական դաշինք կազմելու, Պասիլ ըսաւ. «Մեր տեւական ու աւանդական պատասխանը այն է, որ դաշինքը կը կազմուի ուրիշներու շահերուն եւ փափաքին համաձայն, իսկ մենք կուսակցութեան հետ դաշնակցելու արգելք չունինք, եթէ այդ մէկը երկու կողմերուն օգտակար է»:
«Լաւապէս գիտենք այդ դաշինքին գինը եւ նախապէս այդ գինը վճարեցինք, ինչպէս նաեւ գիտենք անոր բարիքները», աւելցուց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը:


