Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ:
Պայրագտարեան այս առիթով վարչապետին յանձնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառի կաթողիկոս օծման 30-ամեակին առիթով հրապարակուած գիրքը:
Հանդիպումի ընթացքին նախարարը վարչապետ Սալամի հետ քննարկեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մօտիկ ապագային գործադրելիք ծրագիրները:


