Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Եարզէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին
երեսփոխաններ Ղազի Արիտի, Անթուան Սաատ, Էլի Աուն, Հանրի Հըլու եւ Ալաէտտին Թըրրօ, ինչպէս նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ զօր. Սլէյմանի նախագահած Հանրապետութեան հանդիպումին անդամները, որոնց շարքին` նախկին փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել, նախկին նախարարներ Ալիս Շապթինի ու Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի եւ նախկին երեսփոխան Ժաուատ Պուլոս:
Հանդիպումէն ետք Արիտի անհրաժեշտ նկատեց, որ ընտրական օրէնքին մասին խորհրդակցութիւնները լուռ շարունակուին` հեռու մնալով աղմուկ բարձրացնելու քայլերէն:
Արիտի ընդգծեց երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու կարեւորութիւնը:
Իր կարգին, զօր. Սլէյման նշեց, որ անհրաժեշտ է վերադառնալ Թաէֆի համաձայնագիրին, այսինքն` ազգային միասնականութեան եւ նահանգներու մակարդակով երեսփոխանական ընտրութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ծերակոյտի կազմութեան:
Զօր. Սլէյմանի այցելեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, որ հանդիպումէն ետք ըսաւ. «Կը փափաքինք ունենալ ընտրական օրէնք մը, որ իսկական ժողովրդավարութեամբ Լիբանանի խորհրդարանին նոր արիւն ներարկէ, ինչպէս նաեւ խորհրդարանին մէջ ապահովէ իգական սեռին ներկայացուցչութիւնը»:
Ժեմայէլ շեշտեց, որ իրենք կտրականապէս կը մերժեն 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել` աւելցնելով, որ Տոհայի օրէնքը արդար ներկայացուցչութիւն չ՛ապահովեր: