Ազգային ազատականներու կուսակցութեան նախագահ Տորի Շամուն երէկ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց ընտրական օրէնքին վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Շամուն յայտնեց, որ Լիբանանի սահմանադրութիւնը աղբամանին մէջ նետուած է: «Կ՛ամ բոլորս սահմանադրութեան հիման վրայ կ՛ապրինք, կա՛մ ալ իւրաքանչիւրը իր ուրոյն պետութեան մէջ, իր փափաքած ձեւով կ՛ապրի», ըսաւ Շամուն:
Ան ընդգծեց երկրին սահմանադրութիւնը գործադրելու կարեւորութիւնը` մերժելով ընտրական օրէնքի բոլոր այն տարբերակները, որոնք Լեռնալիբանանը բաժնել կը փորձեն:
Իր կարգին, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ յայտնեց, որ իրենց համար մերժելի են ընտրական բոլոր այն օրէնքները, որոնք կը միտին մասնատել Լեռնալիբանանը:
Համատէ վերահաստատեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կառչած կը մնայ երկրին սահմանադրութեան եւ Թաէֆի համաձայնագիրին գործադրութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքականութեան մէջ համայնքային դրութիւնը աստիճանաբար ջնջելու ընտրանքին: