31 հոկտեմբեր 2016-ի նախագահական ընտրութենէն ետք Լիբանան օրըստօրէ իր վրայէն կը թօթափէ աւելի քան երկամեայ քաղաքական ու սահմանադրական տեղքայլի հետեւանքները: Արդարեւ, երկրի հրատապ առանցքային հարցերը հետզհետէ կը վերագտնեն լուծման բնականոն ուղին, հակառակ կողմերուն միջեւ տիրող անխուսափելի, «աւանդական» տարակարծութիւններուն` ընտրական օրէնքի, Թաէֆի համաձայնագիրի թէ այլ քաղաքական, սահմանադրական եւ տնտեսական հարցերու գծով:
Փաստօրէն երկրի քաղաքական կողմերը վճռած են ամէն գնով հարցերը լուծել սեղանի վրայ եւ երկիրը զերծ պահել «թափուր վիճակ»-ի վտանգէն: Այս իմաստով ուշագրաւ էր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի վճռական կեցուածքը` խորհրդարանական ընտրութեանց կայացման եւ հանրապետութեան նախագահի վարկին ու լիազօրութեան պահպանման գծով: Ուշագրաւ էր նաեւ Հըզպալլայի կեցուածքը` դրական մօտեցումով հարցերը լուծելու եւ խուսափելու երկիրը սահմանադրական (իմա` ընտրական) դատարկութեան մատնելէ:
Ընկերային թէ տնտեսական մարզերուն մէջ պարզուող փտածութեան երեւոյթներու դէմ իշխանութեան պատկան մարմիններու կողմէ ցուցաբերուող խստապահանջ կեցուածքը (մինչեւ իսկ դատական հետապնդումի ենթարկումը) որոշ լրջութիւն մը կու տայ իշխանութեան «գործի լծուելուն»: Քաղաքացիներու իրաւունքներու պահպանման գծով դրսեւորուող նախանձախնդրութիւնը, երկրի բարձրաստիճան ղեկավարներուն կողմէ, կու գայ յաւելեալ երաշխիք մը տալու կացութեան բնականոն հունի վերադարձին, ինչ որ կրնայ իր կարգին դրական ազդել երիտասարդ տարրերու արտագաղթի հոսանքի զսպումին վրայ:
Արտաքին կողմերու ցուցաբերած հետաքրքրութիւնն ու հոգատարութիւնը Լիբանանի կայունութեան եւ բարգաւաճման ջանքերուն համար նոյնքան կարեւոր ազդակներ են Լիբանանի դիրքին եւ ներկայութեան վերամրապնդման` շրջանային թէ միջազգային մակարդակներու վրայ: Այս ծիրին մէջ կարելի է դիտել նախագահ Աունի ձեռնարկած շրջապտոյտները` Քաթար եւ Սէուտական Արաբիա: Քայլ մը, որ պիտի շարունակուի յառաջիկայ շաբաթ` նախագահին դէպի Եգիպտոս եւ Յորդանան կատարելիք այցելութիւններով: Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի նախաձեռնութիւնները` արտերկրի լիբանանցիներու համախմբման եւ Լիբանան այցելելու կոչերուն գծով կը շեշտէ Լիբանանի վճռակամութիւնը` վերամրագրելու իր դիրքն ու ներկայութիւնը յաչս արտաքին աշխարհին:
Այս լաւատեսութեան գործնական ու շօշափելի քայլերէն են, օրինակ` լիբանանեան կարգ մը շրջաններուն մէջ (Համրայի «Քոսթա» ճաշարանի դէպքը…) ահաբեկչական միտումով արարքներու կանխարգիլումն ու խափանումը: Նմանապէս` Լիբանան այցելող յատկապէս Ծոցի շրջաններէն մեծահարուստ զբօսաշրջիկներու երեւոյթը խրախուսիչ եւ խոստմնալից երեւոյթ է զբօսաշրջական բարգաւաճ ամրան եղանակ մը ունենալու:
Այս իրողութիւնը իրաւացիօրէն բացայայտեց երէկ նախագահ Միշել Աուն` նախարարաց խորհուրդի նիստի սկզբնաւորութեան իր արտասանած խօսքին մէջ: Ան բացայայտեց, թէ շրջանային եւ միջազգային կողմեր սկսած են մտահոգուիլ Լիբանանը յուզող հարցերով, ուր առանցքային կարեւորութիւն կը ներկայացնէ գաղթականներու մեծածաւալ հոսքի երեւոյթը, «բան մը, որ որեւէ պետութեան կարողութենէն վեր է», ինչպէս հաստատեց նախագահը` ակնարկելով մեծ թիւով գաղթականներու ներկայութեան, ինչ որ իր քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային հետեւանքները կ՛ունենայ Լիբանանի բազմահամայնք բնակչութեան խճապատկերին վրայ: Այս առնչութեամբ նախագահ Աուն պատկան նախարարներուն թելադրեց կապ պահել շրջանային թէ միջազգային իրենց պաշտօնակիցներուն հետ եւ վերաշխուժացնել նախարարական յանձնախումբերը` երկկողմանի հարցերու քննարկման համար:
Այս մթնոլորտին մէջ նախագահ Աուն երէկ նախագահեց նախարարաց խորհուրդի նիստին, ուր առանցքային քննարկումի օրակարգ էր 2017-ի ընդհանուր պիւտճէի վճռումը:
Նախքան այդ, սակայն, նախագահ Միշել Աուն վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ, ուր անոնք պարզեցին կառավարութեան նիստին ընթացքին արծարծուելիք նիւթերն ու քննարկուելիք օրակարգի հարցերը:
Իր կարգին, վարչապետ Սաատ Հարիրի եւս խօսք առնելով, նախարարներու ուշադրութեան յանձնեց երկրի գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ կայք հաստատած գաղթականներու պարագան` ընդգծելով, որ «Լիբանան վերածուած է հսկայ գաղթակայանի մը» եւ «հոսկէ` հարկ է, որ արտաքին պատկան կողմեր նկատի ունենան լիբանանեան բոլոր շրջաններու գաղթականներու երեւոյթը եւ չսահմանափակուին միայն որոշ շրջաններու գաղթականներու հոգատարութեամբ:
Այնուհետեւ նախարարաց խորհուրդը լծուեցաւ ընթացիկ տարուան պիւտճէի քննարկման, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի ներկայացուցած զեկուցում-պատկերի լոյսին տակ:
Ժողովի աւարտին տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտարարեց, որ կառավարութիւնը պիւտճէի հարցին քննարկումը պիտի շարունակէ յառաջիկայ չորեքշաբթի եւ հինգշաբթի` երկու յաջորդական նիստերու ընթացքին:
Նշենք, թէ հակառակ օրակարգի կէտերէն դուրս մնալուն` ընտրական նոր օրէնքի մշակման հարցը քուլիսային մնայուն նիւթ էր քաղաքական կողմերու նախարարական պատասխանատուներուն միջեւ: Այս առնչութեամբ եւս Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ներկայացուցիչները առաջարկեցին քննարկումի յաջորդական նիստերու թուականներ ճշդել` նկատի ունենալու հարցին կարեւորութիւնը երկրի ներկայ հանգրուանին: