
Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ նախանցեալ երեկոյեան Այն Թինէի մէջ գումարուեցաւ երկխօսութեան 40-րդ նիստը, որուն ներկայ գտնուեցան Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլ, ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա, Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի խորհրդատու Նատեր Հարիրի, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր, ինչպէս նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ:
Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ներկաները անհրաժեշտ կը նկատեն սահմանադրական ժամկէտին մէջ ընտրական նոր օրէնքի մը վաւերացումը, որպէսզի կարելի ըլլայ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ ներկաները ընդգծած են երկրին քաղաքական եւ ապահովական կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:


