Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Ներկայ Գտնուեցաւ Մար Մարունի Պատարագին

Փետրուար 11, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հինգշաբթի առաւօտեան Ժմմայզէի Մար Մարուն եկեղեցւոյ մէջ ներկայ գտնուեցաւ Մար Մարունի առիթով մատուցուած պատարագին:

Ներկայ գտնուեցան նաեւ Առաջին տիկին Նատիա Աուն, խորհրդարանի նախագահի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Միշել Մուսա, վարչապետ Սաատ Հարիրի, նախկին նախագահներ Ամին Ժեմայէլ եւ Միշել Սլէյման, նախկին Առաջին տիկիններ Սոլանժ Ժեմայէլ եւ Մունա Հրաուի, խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի, նախկին վարչապետներ Ֆուատ Սինիորա եւ Թամմամ Սալամ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով նախարարներ, որոնց շարքին զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիա, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, ինչպէս նաեւ նահանգապետներ, քաղաքապետներ, թաղապետներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:

Պատարագին նախագահեց մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը, որ իր քարոզին մէջ ողջունեց բոլոր ներկաները` շեշտելով, իրենք կ՛աղօթեն, որ նախագահ Աունի նախագահական նստաշրջանը ըլլայ համերաշխութեան եւ լիբանանեան ազգային միասնականութեան ամրապնդման շրջան: Ան նշեց, որ նախագահ Աուն այդ պաշտօնին հասած է ծառայելու համար Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն, ամրապնդելու լիբանանեան համակեցութիւնը, ինչպէս նաեւ պահպանելու երկրին անկախութիւնը, արժանապատուութիւնը, գերիշխանութիւնը, բարգաւաճումը, Ազգային ուխտն ու պատգամի երկիր ըլլալու արժանիքը:

Նախագահ Աուն. «Ընտրական Օրէնքին Գծով
Առաջարկս Թաէֆի Համաձայնագիրէն Չի Շեղիր»

Նախագահ Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Մուսթաքպալ հոսանքի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրիի:

Հարիրի նախագահ Աունին յանձնեց հրաւէր մը` ներկայ գտնուելու 14 փետրուարին «Պիել»-ի մէջ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի մահուան 12-ամեակին առիթով տեղի ունենալիք յիշատակի ոգեկոչումին:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ «ընտրական օրէնքին գծով առաջարկս Թաէֆի համաձայնագիրէն չի շեղիր, այլ անիկա առիթ կու տայ փոքրամասնութիւններուն ներկայացուելու, որովհետեւ միայն այդպիսով կարելի կ՛ըլլայ արդարութիւն իրականացնել»:

«Ոչ ոք կը փափաքի ջնջել ուրիշը, որովհետեւ մենք կը հաւատանք, որ եթէ այժմու ընկերային եւ քաղաքական մեր տարրերէն մէկը կորսնցնենք, ապա մեր լիբանանեան գոյութիւնը ջնջած կ՛ըլլանք: Ազգային ուխտը կը յորդորէ որդեգրել ընտրական օրէնք մը, որ կը յարգէ ազգային համերաշխութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն բոլոր շերտերը», հաստատեց ան:

Հանդիպումէն ետք Արսլան շեշտեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը տիւրզի համայնքին համար միայն երկու երեսփոխան կ՛ապահովէ, մինչդեռ անոր իրաւունքն է ներկայացուիլ ութ երեսփոխանով, որ ընդհանրապէս կարելի կ՛ըլլայ ապահովել քաղաքական եւ ընտրական դաշինքներով:

Արսլան նշեց, որ համամասնական դրութիւնը տիւրզի համայնքին կրնայ ութ երեսփոխան ապահովել` առանց աւելորդ դաշինքներու:

Նախորդը

Սամուէլ Մկրտչեան Սարրաֆի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Գործակցութեան Հեռանկարները

Յաջորդը

Ֆրանսուա Հոլլանտ. «Կոտորածներու Ուրացումը Կը Նշանակէ` Արտօնել Նման Կոտորածներու Կրկնութիւնը» Պարգեւատրուեցաւ Շահան Արք. Սարգիսեան

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?