Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Պաշտօնական Այցելութեամբ Պիտի Մեկնի Եգիպտոս Եւ Ապա Յորդանան

Փետրուար 13, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Գահիրէ, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի եւ վարչապետ Իպրահիմ Մահլապի հետ:

Նախագահ Աուն պիտի այցելէ նաեւ Արաբական լիկայի կեդրոնատեղին, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի հետ:

Նախագահ Աուն հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ Եգիպտոսի հոգեւոր պետեր Ազհարի իմամ շէյխ Ահմետ Թայիպի եւ ղպտի համայնքի Թէոդորոս Բ. պապին հետ, ինչպէս նաեւ պիտի հանդիպի Եգիպտոսի արաբական դիւանագիտութեան եւ լիբանանեան համայնքի ներկայացուցիչներուն:

Եգիպտոս կատարելիք իր այցելութիւնը աւարտելէ ետք, նախագահ Աուն պիտի ուղղուի Յորդանան, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ: Պիտի քննարկուին երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զինուորական, ապահովական, տնտեսական, երկրագործական եւ զբօսաշրջական մարզերուն մէջ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ շրջանը յուզող շարք մը հարցեր, որոնց շրջագիծին մէջ` նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի միջոցները:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն եգիպտական «Ահրամ» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձի իրաւունքին` կտրականապէս մերժելով զանոնք բնակեցնելու կոչերը: Ան շեշտեց, որ արաբներուն համար պատմական ամօթ պիտի ըլլայ, եթէ Իսրայէլ յաջողի ջնջել պաղեստինեան ինքնութիւնը, պաղեստինեան հողերը եւ սրբավայրերը պարպէ քրիստոնեայ եւ իսլամ բնակիչներէն:

Իսկ եգիպտական «Սի. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնն ու բոլոր իշխանութիւնները կը պաշտպանեն Լիբանանի ու լիբանանցիներուն շահերը` աւելցնելով, որ անոնց միջեւ տարակարծութիւններ չկան, այլ` յաւելեալ համերաշխութիւն եւ համակեցութիւն:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ իրենք ոչ մէկ առիթ պիտի տան, որ արտաքին հարց մը մուտք գործէ Լիբանան եւ հարուածէ անոր ապահովական կայունութիւնը:

Հըզպալլայի զէնքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախագահ Աուն շեշտեց, որ Հըզպալլայի զէնքը լիբանանեան պետութեան դէմ չէ ուղղուած, այլ` անիկա Լիբանանը պաշտպանող հիմնական ուժ է եւ կ՛ամբողջացնէ լիբանանեան բանակը:

«Այնքան ատեն որ լիբանանեան բռնագրաւուած հողեր կան, ապա Հըզպալլայի զէնքը անհրաժեշտութիւն է Լիբանանի համար», շեշտեց նախագահ Աուն:

Երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին խօսելով` նախագահ Աուն յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին ունենալ արդար եւ արդի ընտրական օրէնք մը, որ բոլորին ներկայացուցչութիւնը կ՛արտօնէ:

Սուրիոյ տագնապին մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան կը պահանջէ քաղաքական լուծում պարտադրել եւ վերջ տալ արիւնահեղութեան:

«Բոլորս գիտենք, որ հաւատադրժողական ահաբեկչութիւնը թէ՛ քրիստոնեաներուն եւ թէ՛ իսլամներուն դէմ է», հետեւաբար պէտք է համաշխարհային խիղճը արթննայ եւ զօրակցի Սուրիոյ եւ Իրաքին:

Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւններուն ակնարկելով նախագահ Աուն հաստատեց, որ այդ յարաբերութիւնները վերադարձած են իրենց նախկին հեզասահ իրավիճակին եւ հետզհետէ պիտի ամրապնդուին:

Իրան կատարելիք այցելութեան հաւանականութեան մասին հարցումին պատասխանելով` նախագահ Աուն ըսաւ. «Իրան այցելութեան իմաստով ոչ մէկ արգելք գոյութիւն ունի»:

Նախորդը

Սէյիտ Նասրալլա Զօրակցութիւն Յայտնեց Համամասնական Դրութեան

Յաջորդը

«Իրան Երկու Ճակատներու Վրայ Գործօն Ներկայութիւն Եղած Է Արցախի Հարցով» Կ՛ըսէ Ռուհանի

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?