Էշրեֆիէի Օսէյլի փողոցին վրայ երէկ կէսօրէ ետք շէնք մը փուլ եկաւ` պատճառելով վիրաւորներ:
Ապահովութեան եւ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը ուղղակի փութացին դէպքին վայրը եւ շրջափակեցին զայն` անցնելով փրկարար աշխատանքներուն:
Պէյրութի քաղաքապետ Ժամալ Այթանի, փոխքաղաքապետ Էլի Անտրէա եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ
Յակոբ Թերզեան եւ Կապի Ֆըրնայնի ուղղուեցան Էշրեֆիէ եւ ստուգեցին դէպքին վայրը:
Այթանի յայտնեց, որ Պէյրութի քաղաքապետութեան ճարտարապետական գրասենեակը հետաքննութիւն բացած է դէպքին մասին` բացայայտելու համար շէնքին փուլ գալուն պատճառները: