Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գահիրէի Մէջ. Նախագահներ Աուն Եւ Սիսի Կ՛ընդգծեն Ահաբեկչութեան Դէմ Միասնաբար Պայքարելու Անհրաժեշտութիւնը

Փետրուար 14, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Գահիրէ` ընդառաջելով Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հրաւէրին:

Նախագահ Աունի ընկերակցեցաւ պաշտօնական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, հանրապետութեան նախագահութեան պետական նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլ, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի եւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ:

Նախագահ Աուն օդակայանէն ուղղուեցաւ «Իթթիհատիա» նախագահական պալատ, ուր դիմաւորուեցաւ եւ հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Սիսիի հետ: Ապա տեղի ունեցաւ ընդարձակ հանդիպում` ներկայութեամբ լիբանանեան պատուիրակութեան անդամներուն եւ եգիպտացի անոնց պաշտօնակիցներուն:

Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին նախագահ Սիսի յայտնեց, որ քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ համաձայնութիւն գոյացած է ահաբեկչութեան դէմ միացեալ պայքար մղելու:

Սիսի պատրաստակամութիւն յայտնեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն կարողութիւնները հզօրացնելու:

Սիսի շեշտեց, որ իր իշխանութեան օրով Եգիպտոս Լիբանանին մնայուն կերպով պիտի զօրակցի` աւելցնելով, որ Գահիրէ յանձնառու պիտի մնայ լիբանանեան համայնքային եւ մշակութային բազմազանութեան պահպանումին, ինչպէս նաեւ լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերու համախոհութեան:

Սիսի նշեց, որ Եգիպտոս պիտի հսկէ նաեւ, որ Լիբանան հեռու մնայ շրջանին մէջ բռնկած պատերազմի հրդեհներէն:

Իր կարգին, նախագահ Աուն ընդգծեց Միջին Արեւելքի մէջ արդար եւ ամբողջական խաղաղութիւն հաստատելու իմաստով միջազգային բանաձեւերն ու Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութիւնը գործադրելու կարեւորութիւնը:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Եգիպտոս հզօր երկիր է եւ իր զօրութեամբ կրնայ առաջադրել փրկութեան արաբական նախաձեռնութիւն մը, որ հիմնուած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարի միացեալ ռազմավարութեան մը վրայ:

Նախագահ Աուն Սիսին հրաւիրեց Լիբանան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր ցուցաբերած դիմաւորումին եւ դրական հանդիպումներուն ու կեցուածքներուն համար:

Նախագահ Աուն հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Եգիպտոսի հոգեւոր պետեր Ազհարի իմամ շէյխ Ահմետ Թայիպի եւ ղպտի համայնքի Թէոդորոս Բ. պապին հետ:

Նախագահ Աուն իր կեցութեան վայրին մէջ ընդունեց Արաբական լիկայի նախկին ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսան, որուն հետ քննարկեց շրջանային իրադարձութիւնները` քաղաքական եւ ապահովական առումով:

Կը նախատեսուէր, որ նախագահ Աուն հանդիպում մը ունենար նաեւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի հետ:

Նշենք, որ նախագահ Աուն այսօր պիտի ուղղուի Յորդանան, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ: Պիտի քննարկուին երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զինուորական, ապահովական, տնտեսական, երկրագործական եւ զբօսաշրջական մարզերուն մէջ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ շրջանը յուզող շարք մը հարցեր, որոնց շրջագիծին մէջ նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի միջոցները:

Նախորդը

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հոծ Բազմութեամբ Հաւատացեալներու Ներկայութեան Նշուեցաւ Տեառնընդառաջի Նախատօնակը

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է

Մայիս 14, 2025
ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի  Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի  Չգոյութեան Բերումով
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի Չգոյութեան Բերումով

Մայիս 14, 2025
Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու  Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?