Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Փետրուար 11, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յայտնեց, որ անհրաժեշտ է համաձայնութիւն գոյացնել խորհրդարանական ներկայացուցչութեան առումով հաւասարութիւն ապահովող ընտրական արդար օրէնքի մը շուրջ:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եաագուպ Սարրաֆ Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան բանակին կարիքները, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու միջոցներն ու երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը պահպանելու նպատակով բանակին որդեգրած ապահովական միջոցառումները:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլ, հանդիպելէ ետք հիւսիսային Լիբանանի նահանգապետ Ռամզի Նոհրայի հետ, յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնքը յառաջիկայ մէկ կամ երկու շաբաթներուն ընթացքին պիտի հրապարակուի:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիյէշը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ եւ սուրիական վարչակարգը ներկայացնող միջնորդներու միջեւ ընթացք առած են բանակցութիւններ` Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող 30 հազար գաղթական վերադարձնելու Ուատի Հմայտ եւ Քալամունի գիւղաքաղաքները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ իրենք պատրաստ են երկխօսութիւն կատարելու Հըզպալլայի հետ, եթէ վերջինս իր կարգին պատրաստ ըլլայ քննարկելու լիբանանեան տագնապը:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս յայտնեց, որ նախարարութիւնը բոլոր նահանգապետներուն յղած է հայցեր` ճամբաներուն վրայ գտնուող գետնաբարձրութիւնները վերցնելու:

ՍՈՒՐԻԱՑԻ գաղթականներու հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ Լիբանանը գաղթակայանի մը նմանցնելու պատկերաւոր բացատրութիւնը հիմնական էր եւ էական, որպէսզի կարենայ կառավարութիւնը մղել մշակելու այդ հարցի լուծման ամբողջական ծրագիր մը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ ընտրական օրէնքին շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու լաւագոյն տարբերակը խառն ընտրական օրէնքն է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ յայտնեց, որ իրենք կը պահանջեն արդի ընտրական օրէնք մը, որուն հիմնական սկզբունքը ըլլայ համամասնական դրութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Պեզզի շեշտեց, որ ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու յոյսերը տակաւին առկայ են:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա հաստատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է վերջ տայ իր կեդրոններուն համար սուղ վարձքեր վճարելու երեւոյթին` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը կրնայ շէնքեր գնել եւ զանոնք պետական կառոյցներու վերածել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ բոլոր խորհրդակցութիւնները յանգած են այն համոզումին, որ խառն ընտրական օրէնքն է հիմնական լուծումը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ ինք ընտրական օրէնք մը վաւերացնելու շուրջ կատարուելիք հանրաքուէին համաձայն չէ` աւելցնելով, որ ինք մտահոգ է Լիբանանի մէջ ստեղծուելիք վարչակարգի հաւանական տագնապով:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը անյայտ կորսուած է` աւելցնելով, որ համամասնական դրութիւնը անպայման մուտք պիտի գործէ Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի համաձայն գտնուած է ուսումնասիրելու համամասնական դրութիւնը մասամբ գործադրելու կարելիութիւնները:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ առեւտրականներու միութեան նախագահ Նիքոլա Շամմաս կառավարութեան կոչ ուղղեց աշխատավարձի յաւելումները պետական ամավարկէն անջատելու:

ՍԵՓԱԿԱՆ դպրոցներուն մէջ դասաւանդող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ յայտնեց, որ եթէ աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը անտեսուի, ապա իրենք դարձեալ պիտի ուղղուին բողոքի ցոյցեր կազմակերպելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքը կոչ ուղղեց իր համակիրներուն մասնակցելու Ռընէ Մուաուատի անուան օդակայանին բանեցումը պահանջելու արշաւին, որ տեղի պիտի ունենայ Աքքարի մէջ:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Ռիֆի Երէկ Յայտարարեց Իր Ընտրամեքենայի Կազմութեան Մասին

RelatedPosts

Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու  Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»

Մայիս 14, 2025
«Այն, Ինչ Որ Ներդրողներուն Վերադարձը  Կը Քաջալերէ Լիբանանի Նկատմամբ  Վստահութեան Վերականգնումն Է»  Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն
Լիբանանեան

«Այն, Ինչ Որ Ներդրողներուն Վերադարձը Կը Քաջալերէ Լիբանանի Նկատմամբ Վստահութեան Վերականգնումն Է» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

Մայիս 14, 2025
Սալամ. «Կառավարութիւնը Վճռակամ Է Շարունակելու  Բարեկարգումի Ծրագիրը Եւ Անհրաժեշտ  Ձեռքբերումները Արձանագրելու»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութիւնը Վճռակամ Է Շարունակելու Բարեկարգումի Ծրագիրը Եւ Անհրաժեշտ Ձեռքբերումները Արձանագրելու»

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?