Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյիտ Նասրալլա Զօրակցութիւն Յայտնեց Համամասնական Դրութեան

February 13, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ յետմիջօրէին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը` շէյխ Հիւսէյն Օպէյտի մահուան յիշատակին առիթով:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ շէյխ Օպէյտ Հըզպալլայի հիմնադիր անդամ կը նկատուի` բարձր գնահատելով անոր կեանքի ուղեգիծը, որ ուսանելի եղած է Դիմադրութեան սերունդներուն համար:

Անդրադառնալով լիբանանեան իրադարձութիւններուն` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ հակառակ ընտրական օրէնքին շուրջ Լիբանանի մէջ առկայ տարակարծութեան, երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանուած է:

Այս շրջագիծին մէջ, սէյիտ Նասրալլա ողջունեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն ի գործ դրած ջանքերը:

Ան նշեց, որ այսօրուան դրութեամբ կարեւորագոյն քայլը երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումն է` աւելցնելով, որ Հըզպալլա կը զօրակցի համամասնական դրութեան` նկատի ունենալով, որ անիկա արդար օրէնք մըն է եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ մեծամասնական դրութեան վրայ հիմնուած օրէնքը անարդար է, որովհետեւ քաղաքական բաղադրիչները ջնջելու եւ պատժելու բնոյթ ունի:

Իր խօսքը ուղղելով Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը զանոնք չի ջնջեր:

«Այս շրջագիծին մէջ կը նշմարենք, որ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի առաջադրած ընտրական օրէնքի տարբերակը լաւագոյնն է եւ անոր շուրջ կարելի է խորհրդակցիլ: Մեր դռները բաց են, եւ պատրաստ ենք քննարկելու ընտրական օրէնքի որեւէ տարբերակ», նշեց ան:

Ակնարկելով կառավարութեան քննարկելիք պետական պիւտճէի ծրագիրին` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Հըզպալլա կը մերժէ լիբանանցի քաղաքացիին վրայ պարտադրուելիք տուրքի որեւէ յաւելում: Ան ընդգծեց, որ պետական ամավարկը կարելի է վաւերացնել եւ անոր հաւասարակշռութիւնը պահել գողութեան եւ փտածութեան վերջ տալով:

«Ոչ ոք պէտք է ընդունի, որ հազիւ իր ապրուստը ապահովող լիբանանցի ժողովուրդին վրայ յաւելեալ տուրքեր պարտադրուին», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա:

Անդրադառնալով Պեքաայի մէջ տիրող կացութեան` սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ անկասկած բոլոր առեւանգումներն ու օրինազանցութիւնները դատապարտելի են` աւելցնելով սակայն, որ Պեքաայի մէջ կատարուած օրինազանցութիւնները պէտք եղածէն աւելի լուսարձակի տակ կ՛առնուին եւ զգայացունց անդրադարձի կ՛արժանանան: «Կարծէք այս շրջանը թիրախ դարձնելու միտում ըլլայ», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա` պահանջելով, որ Պեքաայի մէջ բարգաւաճման ծրագիրներ իրագործուին, պետութիւնը իր պատասխանատուութիւնը ստանձնէ, ապահովութեան ուժերը իրենց հակակշիռը բանեցնեն եւ օրէնքի շրջագիծին մէջ ճնշեն ապօրինութիւնները:

Անդրադառնալով Սուրիոյ իրավիճակին` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Հալէպի մէջ արձանագրուած յաղթանակէն ետք շատ բան փոխուած է Սուրիոյ մէջ` աւելցնելով, որ հոն ժողովրդագրական փոփոխութիւններ չեն արձանագրուած, եւ կան բազմաթիւ շրջաններ, որոնք ապահովական կայունութիւն կը վայելեն:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Հըզպալլա կը զօրակցի Սուրիոյ մէջ որեւէ զինադուլի, որպէսզի արիւնահեղութեան վերջ տրուի եւ երկրին տագնապներուն քաղաքական լուծումներ գտնուին:

Սուրիոյ եւ Լիբանանի միջեւ գաղթականներու միացեալ թղթածրարին ակնարկելով` սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց Լիբանանի կառավարութեան վերջ տալու մեծամտութեան եւ դիմելու ու խորհրդակցելու Սուրիոյ կառավարութեան հետ` սուրիացի գաղթականները Սուրիոյ ապահով վայրերը վերադարձնելու նպատակով:

Սէյիտ Նասրալլա դիտել տուաւ, որ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն հսկայական թիւը բոլոր լիբանանցիներուն համար ծանր բեռ է` նշելով միաժամանակ, որ Հըզպալլա ինքզինք կառավարութեան տրամադրութեան տակ կը դնէ` օժանդակելու համար գաղթականներու հարցին լուծման:

Սէյիտ Նասրալլա իր ճառը եզրափակեց պատասխանելով այն մեկնաբանութիւններուն, թէ Հըզպալլա վերջերս կը վախնայ եւ մտահոգ է իր ուժին ու թիւին գծով: Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ 1982-ին, երբ Լիբանանի մէջ 100 հազար իսրայէլացի սպաներ կային եւ բռնագրաւած էին Լիբանանի կէսը, օտար երկիրներու զինուորներ եւ մարտանաւեր կային, իրենց թիւը քիչ եղած է եւ չեն վախցած: «Աւելի ուշ Ճորճ Պուշ այլ պատերազմ մը սանձազերծեց, եւ մենք չվախցանք: 1985-ին, 2000-ին եւ 2006-ին իրագործեցինք յաղթանակներ եւ ապահովական մեծ նուաճումներ` տապալելով իսրայէլեան անպարտելի ուժերը: Իսկ այսօր յաղթանակներ կ՛արձանագրենք Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, հետեւաբար ո՛չ Թրամփ, ո՛չ Պուշ եւ անոնց հայրերը իրենց ցեղապաշտութեամբ պիտի կարենան յաղթել մեզի: Մենք մտահոգ չենք, այլ` լաւատես, որովհետեւ Սպիտակ տան բնակիչը տխմար մըն է, եւ այս իրականութիւնը բերկրանք կը ներշնչէ», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:

 

 

Նախորդը

Հայկական – Միջազգային (Արագ Lրահոս)

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Պաշտօնական Այցելութեամբ Պիտի Մեկնի Եգիպտոս Եւ Ապա Յորդանան

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.