Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարսել Ղանեմի Դատավարութիւնը Յետաձգուեցաւ 2 Փետրուարին

January 5, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեռնալիբանանի աւագ քննիչ դատախազ Նիքոլա Մանսուր երէկ Պաապտայի Արդարութեան պալատին մէջ լսեց «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանի հաղորդավար Մարսել Ղանեմի վկայութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդունեց Ղանեմի պաշտպան փաստաբան, երեսփոխան Պութրոս Հարպի ներկայացուցած պաշտպանութիւնը:

Ապա դատավարութեան նիստը յետաձգուեցաւ 2 փետրուարին:

Նշենք, որ դատավարութեան նիստին զուգահեռ Արդարութեան պալատին դիմաց տեղի ունեցաւ Ղանեմի զօրակցութեան նստացոյց, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ, երեսփոխաններ Ղազի Արիտի, Նապիլ տը Ֆրէյժ, Սամի Ժեմայէլ, Նետիմ Ժեմայէլ, նախկին երեսփոխան Ֆարես Սուէյտ, նախկին նախարար Ֆարիտ Հայքալ Խազեն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան, Փաղանգաւոր կուսակցութեան, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երիտասարդական թեւերու ներկայացուցիչներ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատու գրասենեակի պատասխանատու Ռամի Ռայէս, սենտիքաներու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով լրագրողներ:

Նիստէն ետք Պութրոս Հարպ նշեց, որ ոմանք կ՛ուզեն պղտոր ջուրերու մէջ որսալ` աւելցնելով, որ Մարսել Ղանեմ սովորական լիբանանցի քաղաքացի մըն է, որ ենթակայ է օրէնքին: Ան աւելցուց, որ Ղանեմ քրէական յանցանք չէ գործած, որպէսզի հետապնդուի իբրեւ այդպիսին:

Հարպ շեշտեց, որ իրենք կը պահանջեն օրէնքին գործադրութիւնը` զգուշացնելով օրէնքը շրջանցելէ:

Իր կարգին, Ղանեմ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք զօրակցած են իրեն` խոստանալով միշտ ըլլալ ազատ խօսքի ներկայացուցիչը եւ վայելել ժողովուրդին վստահութիւնը:

Միւս կողմէ, նախարար Ռիաշի հաստատեց, որ իրենք կը մերժեն ամէն տեսակի ճնշումները, թէ՛ իբրեւ տեղեկատուութեան նախարար, թէ՛ իբրեւ Լիբանանեան ուժեր:

Նախորդը

Բանակը Ձերբակալեց Հիւսէյն Հուժէյրին

Յաջորդը

Համատէ Կոչ Ուղղեց Հայկական Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով Դպրոցները Փակ Պահելու

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.